Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթապէկեան: Հանդիպման նպատակն էր Նորին Սրբութեան ցաւակցութիւն յայտնել Վեհամօր՝ Լուսին Քէշիշեանի մահուան տխուր առիթով։
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած նիւթերու շուրջ: