Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Ս․ ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ

Ուրբաթ, 20 սեպտեմբեր 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 5.30-ին, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոս ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի եւ տիկնանց յանձնախումբի անդամները, գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ` արժ. Տ. Օշին աւ. Քհն. Գէորգեանի։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննելու եկեղեցւոյ եւ շրջանին հետ կապուած ծրագիրները։ Նարեկ արքեպիսկոպոս շեշտեց, որ հովիւներու գլխաւորութեամբ թաղական խորհուրդները իրենց նուիրեալ աշխատանքներով կը նպաստեն եկեղեցւոյ եւ թաղի պայծառացման եւ առաքելութեան։

Իբրեւ որդիական երախտագիտութիւն, Տէր Օշին այս առիթով Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով Նարեկ արքեպիսկոպոսին նուիրեց առաջնորդական ասա մը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին