Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

«Մեթր Պերճ Սեդրակեան» Համալսարանական կրթաթոշակներու Ֆոնտ

Իր կողմէ ազնիւ նախաձեռնութեամբ մը, Երկուշաբթի 23 Սեպտեմբեր 2019ին Լիբանանի Սան Ժոզէֆ Համալսարանին մէջ հաստատուեցաւ «Մեթր Պերճ Սեդրակեան» Համալսարանական կրթաթոշակներու Ֆոնտ մը, որմէ պիտի կարենան օգտուիլ համալսարանական բարձրագոյն ուսումնառութեան դիմող քաղաքական գիտութիւններու կամ իրաւաբանութեան ճիւղը ընտրած, ուսումնական լաւագոյն արդիւնքները ունեցող ուսանողները:

Նշեալ ֆոնտին հաստատման վերաբերեալ Համալսարանին եւ Մեթր Սեդրակեանին կողմէ ստորագրուելիք փրոթոքոլին պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էին Համալսարանի նախագահը Փրոֆ. Սալիմ Տաքքաշ եւ Սան Ժոզէֆ Համալսարանի ակադեմական աւագանին, դատաւոր Շուքրի Սատէր, պետ. երեսփոխան Ժան Թալուզեան, պետ. նախկին երեսփոխան Յակոբ Գասարճեան եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր:

Ֆոնտի փրոթոքոլին ստորագրութեան սոյն հաւաքին առաջին մասով ներկաներուն ցուցադրուեցաւ Մեթր Սեդրակեանի կեանքին ու գործին (մանկութենէն պատանեկութիւն, մինչեւ սկաուտական կեանք ապա ակադեմական յաջողութիւններ Սան Ժոզէֆ Համալսարանէն մինչեւ Ամերիկա ու վերջապէս ծանօթ միջազգային  իրաւաբան եւ ՀԲԸՄի նախագահ) նուիրուած տեսերիզ մը:

Տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք խօսքեր առին Մեթր Սեդրակեան, որ վերյիշեց մտերմիկ յուշեր, համալսարանի նախագահը, որ վեր առաւ Մեթր Սեդրակեանի արժանիքները, դատաւոր Շուքրի Սատէր եւ այլ ակադեմականներ, ապա տեղի ունեցաւ փրոթոքոլի պաշտօնական ստորագրութիւնը:

Փրոթոքոլի ստորագրութեան արարողութենէն ետք ներկաներու խմբանկար մը առնուեցաւ, որմէ ետք ներկաները հրաւիրուեցան սրահին կողքի պարտէզը մտերմիկ զրոյցի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին