Սեւակ,
Հին Հռոմը չէր կրցած ամբողջովին նուաճել Մեծ Հայքը, նոր Հռոմը , ի պատիւ իրեն, չկրցաւ չվաւերացնել Մշակոյթի տարածման նուիրուած ստեղծագործ միտքդ, զոր 80-ամեայ երիտասարդ «Զարթօնք» ի աննախապաշար ընթերցողը կը հաստատէ գրեթէ ամէն օր:
Եթէ Պէյրութ կամ Հռոմ չյաջողեցաւ քեզ զրկել յոգնատանջ նշանաւոր պայուսակէդ, ուրեմն » Մարզանի» միջազգային մեծ պարգեւին հետ դուն արժանի ես կրկնակի շնորհաւորանքի:
Ինչո ՞ւ հայոց արդարադատութեան պալատին ճակատը քանդակուած աղջկան սեւ աչխափանը բաց ձգած է աչքերէն մէկը:
ՀԱՅԿԵՆՑ
Ֆորթ Լի , Նիւ Ճըրզի
Յ.Գ. Թէեւ վարժուած ես գանգատներու, բայց հիմա հարցը շա՜տ լուրջ է: Լրատուութեան ենթախորագրին դէմ բութ-ը բողոքի ցոյց պիտի ընէ: Տնօրէն՝ Լոռ, տնօրէն՝ Արամ, խմբագիր Սեւակ: Բայց միայն ան-բութ Սեւակն է Ճիշդ: Անպայման տողաշարի կողմնակցութիւն …: