Հինգշաբթի, 19. 09. 2024

spot_img

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ԴԱՍԻ ՀԱՒԱՔ

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսին եւ ներկայութեամբ Հոգշ. Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանին, ուրբաթ, 20 սեպտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7.00-ին, «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասին հաւաքը։

«Տէրունական աղօթք»-էն ետք առաջնորդ սրբազանը ըսաւ.- «Աղօթքով, գաղափարներու փոխանակութեամբ եւ մեր առաքելութեան վերանորոգութեան ուխտով եղբայրաբար հաւաքուած ենք՝ քննելու եւ արժեւորելու մեր կոչումը։ Այն առաքելութիւնը որուն լծուած ենք մենք, մեր առաքելութիւնը չէ այլ Աստուծոյ առաքելութիւնն է, եւ մենք այդ առաքելութիւնը իրագործելու համար միշտ կ՛ապաւինինք Աստուծոյ ուժականութեան, առաջնորդութեան եւ օրհնութեան»։

Նարեկ արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ այս հաւաքները սրտբացօրէն մեր աշխատանքներուն, դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին խօսելու առիթներ են, որպէսզի միտքերու եւ փորձառութիւններու փոխանակումով վերանորոգուինք եւ շարունակենք մեր առաքելութիւնը։

Լիբանանի հայոց առաջնորդը իր գնահատանքը յայտնեց թեմի քահանայից դասին, որ նուիրումով կը կատարէ իր ծառայութիւնը։ Նարեկ արքեպիսկոպոս ըսաւ.- «Հայ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը մէկ է, որուն մէջ մեր թեմը ունի իր մասնակցութիւնը։ Այս հաւաքը նաեւ առիթ է, որ մեր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնենք ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ մեր թեմին եւ մեր քահանայից դասին հանդէպ իր ցուցաբերած հայրական խնամքին համար»։

Ապա սրբազան հայրը կատարեց շարք մը յիշեցումներ, որոնցմէ ետք տեղի ունեցաւ մտերմիկ քննարկում եւ միտքերու փոխանակում։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին