ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Տիպար, Կարեկից Զաւակներ . . .
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Թեքսաս նահանգի Սան Անթոնիոյ քաղաքէն։ Հոն ապրող Ռայըն ընտանիքի՝ Հայր, մայր եւ երկու զաւակներ, մերթ ողբերգական եւ մերթ յուսադրական կեանքի ելեւէջները հարազատօրէն ներկայացնող պատկերն է այդ։
Ուրեմն 2004 թուականին, ընտանիքի հայրը՝ Ուէսլի, կը պարտադրուի ծախել իր շատ սիրած 1993 թուի Ford Mustang ինքնաշարժը, որպէսզի կարենայ հոգալ իր կնոջ՝ Լորայի հիւանդանոցի ծախսերը։ Լորա քաղցկեղէ կը տառապէր եւ անոր դարմանումը ծախսալից էր։
Բարեբախտաբար Լորա կը բժշկուի եւ կը շարունակէ իր բնականոն կեանքը, հոգալով ամուսինին եւ զաւակներուն հիմնական պէտքերը։ Անոր զաւակները՝ Ճէյք եւ Ճէնի, կը մեծնան եւ կը դառնան պատասխանատու երիտասարդներ։ Անոնք չեն մոռնար երբեք իրենց հօր զոհողութիւնը, փրկելու իրենց մօր կեանքը։
Ճէյք եւ Ճէնի կը սկսին դրամ խնայել, որպէսզի իրենց հօր աչքին լոյսը հանդիսացող` 1993 թուի Ford Mustang-ը գտնեն, գնեն եւ վերադարձնել իրեն, անակնկալի բերելով զինք։ Եւ ահա՝ համացանցի craigslist ընկերային ծառայութեանց ընկերութեան միջոցաւ կը գտնեն այդ ինքնաշարժը եւ կը գնեն զայն։
Բարեբախտաբար վերոյիշեալ պատմութիւնը հոս չի վերջանար։ Բացատրեմ թէ ինչու։ Ուրեմն, «Ֆորտ» ինքնաշարժի ընկերութիւնը հեռատեսիլի հաղորդումներէն կ՛իմանայ եղելութիւնը եւ Hennessey Performance ինքնաշարժի նորոգութեան ընկերութեան միջոցաւ նորոգել կու տայ ինքնաշարժը, որ վերագտնէ իր երբեմնի փառքը։
Հէնրի Ֆորտ Գ.՝ Վարիչ Տնօրէնը Ֆորտ ինքնաշարժի ընկերութեան, Ռայըն ընտանիքը կը հրաւիրէ Միշիկըն նահանգի Տիթրոյթ քաղաքի իրենց կեդրոնատեղին, ուր վերանորոգուած ինքնաշարժը կը յանձնէ ընտանիքի հօր։ Ան ապա կ՛ըսէ, «Գիտեմ որ մեծ զոհողութիւն յանձն առիր, ընտանիքիդ հոգատարութեան համար։ Հիմա այս ինքնաշարժը քուկդ է (տես նկարը) եւ մենք ուրախ ենք որ կրցանք բաժնեկից դառնալ, քու զոհողութեանդ վարձատրութեան։»
Մեր երախտագիտութիւնը՝ զաւակներու կողքին, պէտք է երթայ նաեւ Ֆորտ ընկերութեան, որ կրցաւ գնահատել ընտանիքի մը ողբերգութենէն յարութիւն առնելը եւ մասնակից դառնալ անոնց ուրախութեան։ Պատիւ, արժանաւորին:
Ստորնութեամբ եւ Մասամբ Նորին . . .
Մեր մարդկային ընկերութեան մէջ սովորական երեւոյթ մըն է որ կիներ՝ կարճ փէշ հագած, երթան գործի եւ յաճախ ալ շուկայ, դրամատուն եւ կամ ճաշարան։ Անոնք երբեմն իրենց գործերով զբաղած, անտեղեակ կը դառնան իրենց չորս կողմի անցուդարձներէն, որը բնական է։
Սակայն անբնականը այն է որ կան մարդիկ որոնք կ՛օգտագործեն վերոյիշեալ անմեղ դրութիւնը, ի շահ իրենց անվայել մոլուցքներուն։ Հիմա խօսինք օրինակներով։ Թեքսաս նահանգի Մէնսֆիլտ քաղաքէն Թիմըթհի Մըքալլա անունով մէկը ձերբակալուած է ոստիկանութեան կողմէ, անվայել ընթացքի մը համար։
Բայց ի՞նչ է այդ անվայել ընթացքը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Ուրեմն, Ուոլմարթ բազմատեսակ առարկաներու շուկային մէջ՝ Թիմըթհի իր բջիջային հեռախօսով կնոջ մը փէշին տակէն (տես նկարը), նկարած է անոր ներքնամարմինը . . .
Առաւել՝ կարծես այս ստորնութիւնը չէր բաւէր, ան կնկան ուշադրութեան յանձնած է որ «մարդ մը» փէշիդ տակէն ներքնամարնինդ նկարեց։ Ուստի կինը անմիջապէս շուկայի ապահովութեան ոստիկանին իմաց կու տայ, որը իր կարգին՝ տեղեակ կը պահէ քաղաքի ոստիկանութեան։
Պատմութիւնը չերկարելու համար ըսեմ թէ՝ Թիմըթհին ձերբակալուած է եւ առաջնորդուած ոստիկանութիւն։ Իսկ հոն՝ մանրակրկիտ քննութիւններէ ի յայտ եկած է որ վերոյիշեալ ենթական երկու շաբաթ առաջ դարձեալ ձերբակալուած էր, 15 տարեկան աղջիկ մը առեւանգել փորձած ըլլալու յանցանքով ամբաստանուած։ Երանի թէ ան ազատ արձակուած չըլլար, որպէսզի քստմնելի այդ արարք չգործէր: Այս անգամ անոր երաշխաւորագինը որոշուած է 15,000 տոլար։
Ահաւասիկ երկու հակասական դէպքեր։ Մեզի կը մնայ օգտուիլ դրականէն եւ վանել բացասականը, յօգուտ մեր գաղութի ընկերային առողջ կեանքին՝ չէ՞ք խորհիր։