Յուզումնախառն մթնոլորտի մէջ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, Խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին ներկայացուցիչներուն, հոգեւոր պետերու ու ներկայացուցիչներու, միաբանութեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն, ընտանիքի անդամներուն եւ հաւատացեալներու, այս առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Տիրամայր Լուսին Քէշիշեանի թաղման կարգը։
Իր դամբանականին մէջ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան վեր առաւ հանգուցեալին ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին, յատկապէս մեր կեանքի դժուար պայմաններուն մէջ։ Հանգուցեալ Տիրամայրը կը պատկանի յետ ցեղասպանութեան առաջին սերունդին, որ կրցաւ ընտանիք կազմել եւ դժուար պայմաններու մէջ վեց զաւակներ կրթել եւ մեր եկեղեցւոյ ու ազգին ընծայել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Ապա, սրբազան հայրը մէջբերեց Նորին Սրբութեան վկայութիւնը իր մօր մասին (տե՛ս մեր վաղուայ թիւով)։
Թաղման կարգէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ցաւակցութիւններ ընդունեց։
Յայտնենք, որ այս տխուր առիթով, Հայրապետը ցաւակցական գիրեր ստացաւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց նախագահներէն, Հայաստանի վարչապետէն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն, օտար եկեղեցւոյ պետերէն, միջ-եկեղեցական բարձրաստիճան պատասխանատուներէն, թեմակալ առաջնորդներէն եւ միջազգային ու հայկական կազմակերպութիւններէն։