Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2019-2020 Տարեշրջանի. Վերամուտի Ընդհանուր Ժողով (լուսանկարներ)

Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանի վերամուտի ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2019-ին, Զմմառու Տիրամօր մայրավանքէն ներս:

Վարժարանիս անձնակազմի հանդիպումը սկիզբ առաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագով, որ մատուցանեց վարժարանիս տնօրէն Գերապատիւ Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ: Խաչվերաց Տօնին առիթով ան իր քարոզին մէջ շեշտեց Ս. Խաչի կարեւորութեան ու դերակատարութեան մասին իւրաքանչիւր անհատի կեանքին մէջ մանաւանդ ուսուցիչներուն, Գերապատիւ Հայր Պատիշահ մաղթեց, որ բոլորս սկսինք տարեշրջանը Խաչի օրհնութեամբ ունենալու համար արդիւնաբեր դպրոցական տարեշրջան մը: Պատարագի աւարտին վարժարանիս անձնակազմը յիշատակի լուսանկար մը ունեցաւ Զմմառու վանքի «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոնին մէջ:

Կարճ դադարէ ու հիւրասիրութենէ ետք, հանդիպման առաջին նիստը կայացաւ ներկայութեամբ  Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գերպ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վ. Մուրատեանի, որ Տէրունական աղօթքով ժողովին բացումը կատարեց, ապա բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, պաշտօնապէս ներկայացուց Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2019-2020 տարեշրջանի տնօրէնութիւնը՝ Տնօրէն Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ եւ ընդհանուր մեծաւոր Պրն. Արամ Գարատաղլեան, որմէ ետք Գերապայծառը անդրադարձաւ ուսուցիչին սերունդներ  դաստիարակելու դերակատարութեան մասին, ան ըսաւ, որ ուսուցիչը պէտք է ունենայ հեղինակութիւն, ըլլայ խոնարհ, համեստ ու օրինակելի անձնաւորութիւն, որպէսզի կերտէ կրթեալ ու դաստիարակուած սերունդ մը: Գերապայծառը խօսքին աւարտին փոխանցեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութիւնները, որմէ ետք խօսքը փոխանցեց Պրն. Արամ Գարատաղլեանի:

Պրն. Գարատաղլեան ողջունեց ներկաները եւ առաջին հերթին հպարտօրէն յայտնեց «Ո՞վ ենք մենք»՝ ներկայ օրերու ամէն տեսակի մարտահրաւէրներուն դէմ կանգուն մնացող հայ վարժարան, որ ունի Լիբանանեան, Ամերիկեան, Արուեստից եւ Յատուկ պահանջներ ունեցող աշակերտներու մշակուած ծրագիրներ, որ իր աշակերտներուն կ’ընծայէ լաւորակ ուսում, ապահով միջավայր, հոգեմտաւոր դաստիարակութիւն եւ լաւագոյն կահաւորում, իսկ ուսուցիչներուն՝ ընտանեկան հաճելի մթնոլորտ, մաքուր ու ապահով միջավայր եւ յառաջդիմութեան առիթներ… Ան պաստառի վրայ ներկայացուց վարժարանի նորոգութիւնները, քննարկեց պետական արդիւնքները, գնահատեց ու շնորհաւորեց ուսուցիչներուն անխոնջ ու պարտաճանաչ աշխատանքը:

Նիստի ա. հանգրուանին յաջորդեց մտերմիկ ու ճոխ ճաշ մը, որուն մթնոլորտը կրկնակի խանդավառեց վարժարանիս ուսուցիչ Պրն. Ռաֆֆի Տէր Առաքելեան դաշնամուրի վրայ նուագելով հաճելի մեղեդիներ:

Բ. Հանգրուանով Պրն. Արամ Գարատաղլեան ներկայացուց 2019-2020 տարեշրջանի իրագործելիք ծրագիրներուն մասին, առաջնահերթութիւն դասեց կրթական արդիական ձեւերու կիրարկումը, կարգապահական միջոցներու գործադրման ու հետապնդման մասին անդրադարձաւ, որմէ ետք առիթ տուաւ ուսուցիչներուն իրենց առաջարկները կամ հարցերը ներկայացնեն, ապա շնորհակալական խօսքերով փակեց նիստը հաճելի օրը շարունակելու համար  Հայր Գրիգորի առաջնորդութեամբ՝ շրջելով մայրավանքի թանգարաններն ու գինեմառանը, որպէսզի բոլորը ծանօթանան Հայ Կաթողիկէ համայնքի դարաւոր հոգեւոր հարստութեան ու արժէքներուն:

Տեղեկատուական Գրասենեակ Հայ Կաթողիկէ

Սուրբ Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին