Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՏՈՒԵՑ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՐՊԻՍ ԵՒ ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ ԱՄՈԼԸ

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին 10-ամեակին առիթով, ընդառաջելով Համազգայինի Վարչութեան խնդրանքին, Ուրբաթ, 13 Սեպտեմբեր 2019-ին, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց լիբանանահայութեան ազգային, եկեղեցական, մշակութային ու ընկերային կեանքէն ներս իր ներդրումը ու մասնակցութիւնը բերած  Տէր եւ Տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլը։

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեանի տուտուկի կատարումով, որմէ ետք յանուն Համազգային Վարչութեան խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան։ Ան հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք Թիւթիւնճեան ամոլին կենսագրական գիծերը, լուսարձակի տակ առաւ մեր ազգային կառոյցներուն նկատմամբ անոր տածած սէրն ու գուրգուրանքը եւ դրուատիքով ներկայացուց ամոլին ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն նկատմամբ ունեցած բծախնդրութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը։ Ապա, սրտի խօսք առաւ Թիւթիւնճեան ընտանիքի բարեկամներէն Վահէ Պարսումեան։ Վերջապէս, դաշնակի եւ թաւջութակի դասական կատարումով հանդէս եկան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչներէն Սիրվարդ Պոյաճեան-Սապունճեան եւ Նայիրի Ղազարեան։

 

Աւարտին, խօսք առնելով Նորին Սրբութիւնը՝ բարձր գնահատեց Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն կատարած ազգային ու եկեղեցական ծառայութիւնները եւ շեշտեց՝ ըսելով, թէ անհատը արժէք է, երբ իր ունեցածը ի սպաս կը դնէ հաւաքականին: Անհատը արժէք է, երբ իր անձէն վեր ընդհանրականին ու հաւաքականին մէջ կը տեսնէ գերագոյն արժէքը: Այս գիտակցութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ Կարպիս ու Լիւսի Թիւթիւնճեանները կատարեցին իրենց ազգային ծառայութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք կարդացուեցաւ Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակը, ուր Նորին Սրբութիւնը յատկապէս կ՚ըսէր. «Հոգեկան խոր գոհունակութիւն է մեզի համար լուսարձակի տակ բերել Ձեր՝ Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլիդ աւելի քան եօթը տասնամեակներու ներդրումը լիբանանահայութեան կեանքէն ներս։ Արդարեւ, եթէ Կարպիս Թիւթիւնճեանի անունը արձանագրուած է մեր եկեղեցւոյ ու ազգի տոմարներուն մէջ, որպէս անդամ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զանազան մարմիններուն, միւս կողմէ՝ իրեն սատար հանդիսացող իր տիկնոջ՝ Լիւսիի անունը արձանագրուած է լիբանանահայ արուեստի տոմարին մէջ, թէ՛ որպէս գեղանկարչուհի եւ թէ որպէս արուեստի սատար հանդիսացող անձ, որուն մասին պերճախօս կերպով կը վկայէ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը»։

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան շնորհեց Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլին, որմէ ետք սրտի խօսք առաւ Տիկ. Լիւսի Թիւթիւնճեանը։ Ան իր անհուն երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայրապետին, որ այս մեծ պատիւին արժանացուց զիրենք։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին