Երկուշաբթի, 12. 05. 2025

spot_img

Յուշագրութիւն. Երրորդը

ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

23 Յուլիս 2019։
Այս անգամ Արարատս լաւ չդիմաւորեց։ Կէս գիշերուան` մէկ ու կէսէն ի վեր ուժգին քամին դադար չառաւ, վերջին օրուան վերելքը աւելի դժուարացնելով։
ԱրդԷն միտքէս կ’անցնէի` «հապա եթէ եղանակը նորէ՞ն մշուշոտ ըլլայ»։ Եթէ 2014ին պէս գագաթ չհասնինք…
Պայազիտի դաշտավայրին վրայ լուսաբացին փռուող Արարատի եռանկիւնաձեւ  շուքն անգամ չերեւցաւ։
Բայց դուն շարունակէ՛ բարձրանալ։ Մէկ, երկու, երեք,… տասը… տասնհինգ։ Քիչ մը կանգ առ։ Հանգստացիր։ Ամպերուն մի՛ նայիր։ Անոնք հիմա կ’երթան։ Բայց արեւը ե՞րբ պիտի երեւի։ Երանի՜ օդը քիչ մը տաքնար։ Պիտի հասնի՞մ արդեօք։ Օ՜հ, մերիններէն ոմանք հասնելիք են։ Մէկ, երկու, երեք,… տասը… տասնհինգ։ Շունչ մը առնեմ։ Բայց ինչպէ՞ս։ Այս բարձրութեան վրայ շունչ մնա՞ց։ Տիկին Յասմիկն է առջեւէս քալողը։ Իրեն «ինչպէ՞ս ես» հարցնե՞մ։ Ոչ, աւելի լաւ է շունչս տնտեսեմ։ Մէկ, երկու…. Բայց պռաւօ՛ զաւկին` Տիգրանին, մօրը ծննդեան նուէր կ’ընէ Արարատի գագաթ բարձրանալը։ Ի՜նչ օրիժինալ նուէր։


Բան մը չի մնաց։ Հասնելիք եմ։ Միայն թէ սա գլխուս ցաւը անցնէր։ Մէկ, երկու, երեք,… Ուխտս պիտի կատարեմ, տասը, տասնմէկ… տասնհինգ։ Օ՜հ Հրակն ալ ինծի պէս կեցաւ շունչ մը քաշելու համար։ Ինչ լաւ է որ կրցաւ բարձրանալ։ Ճիշդն ասաց կը կասկածէի։ Ապրի՛ս քանատացի Հրակ։
Քիչ մնաց, երկա՜ր շունչ առ։
Գագաթէն աղջիկներուն ձայնը կու գայ, հուռա՜, հէհէէէ՜ հասա՜նք։ Արեւիկը, երկու Մարիաներն ու սպանացի Մաթիուն են։ Օ՜հ ինչ լաւ։ Մէկ, երկու, երեք,… տասը…։ Վերջին քայլերս են, սիրտս այսքան արագ չէ բաբախած։ Իսկ եթէ բան մը ըլլա՞յ։ Բայց, վնաս չունի, սրբազան գագաթին ի՜նչ կ’ուզէ թող ըլլայ։
Երեխէ՜ք, ժամը քանի՞ է։ Ձայնս ինչո՞ւ այսքան ցած է։ Շունչս չբաւարարեր աւելի բարձրացնելու։ Աւելի լաւ կ’ըլլայ չմտածեմ այս մասին։ Հաւանաբար վեցը անցած է։ Հինգ ժամէ կը բարձրանանք։
Կարէնն ալ հասաւ գագաթ։ «խոշ» տղայ մըն է, ամերիկայէն։ Ի՜նչ խնդացինք 3200 մեթրի վրայ ճամբարը խոհանոցի վրանին տակ` քէֆի ատեն։ Լիլիթն ալ մօտեցեր է։ Անիկա երկու ժամ առաջ մեզի մտահոգեց։ Քիչ մնաց վերադառնար։ Մեր Գէորգին ցաւը տանիմ։ Շատ վարպետ ուղեցոյց՝ «կիտ» է։ Ինչպէ՞ս կրցաւ Լիլիթին համոզել, քաջալերել։ …. երեք, չորս… տասը…։ Բայց Լիլիթը չարքաշ աղջիկ է, իր հոգեհատոր Արտիոմիկին խաթիր կը հասնի վստահ եմ։
Վերջին քայլերս են, հասնելիք եմ։ Հատ մըն ալ կենամ, վերջինը, ո՜ւֆ, ո՜ւֆ։ Մանէն ալ հեռու չէ։ Ան խոստացած էր, որ եթէ վեր հասնինք պիտի երգէ, մեր արշաւախումբի երգչուհին։ Բայց ինչո՞ւ ան երբեմն մինակը կը ծիծաղէր։ Լա՜ւ, յետոյ կը հարցնեմ։
Գագաթ հասնիմ, ուխտս կատարեմ, հոն մէկ ժամ պիտի մնամ։ Անցեալ անգամ հոն չնկարուեցայ, առանձինս նկար չունեցայ։
Կարէ՜ն, ինծի կը նկարե՞ս, ես հասա՜յ, հասաա՜յ։ Այս ալ երրորդ անգամ։ Ուխտս կատարեցի՛։ Շնորհաւոր, շնորհաւոր բոլորին երեխէք ջան։
Ու արցունքիս կաթիլները սահեցան սրբազան լերան սառոյցին վրայ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին