Պատասխանատուները Զայն Կը Վերագրեն Մեքենական Խանգարումի
Առնչուած նախարարներու՝ Ներքին գործոց եւ հանրային աշխատանքներու Պէյրութի միջազգային օդակայան այցելութենէն (որուն ընթացքին անոնք ստուգեցին այնտեղ զետեղուած նոր եւ արդիական սարքերը) ընդամէնը օր մը ետք՝ երէկ դարձեալ քաոս էր օդակայանի դէպի արտասահման ուղղուողներու սրահին մէջ: ,
Ճամբորդներու երկար շարքեր եւ տակնուվրայութիւն եղած է այնտեղ յատկապէս առաւօտեան ժամերուն, որուն պատճառին մասին խօսելով պատասխանատուներ զայն դարձեալ վերագրեցին մեքենական խանգարումներու: