ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Շաբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2019, առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Կլենտէյլի մէջ գործող Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան շաբաթօրեայ վարժարանի դպրոցաշէնքը կը վխտար ծնողներով, աշակերտութեամբ եւ հիւրերով։
Այդ օր բոլոր կամաւոր ուսուցիչներուն դէմքին վրայ խինդ եւ ուրախութիւն կար։ Անոնք ամբողջ ամառուայ արձակուրդի շրջանին, կը ծրագրէին եւ կը պատրաստէին այս կրթաշրջանի աշխատանքները։ Նմանապէս, անոնք ուրախութեամբ ներկայ եղան եւ մասնակցեցան Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի կողմէ պատրաստուած հայերէն լեզուի ուսուցչուհիներու որակաւորման դասընթացքին։
Վերամուտը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի՝ Տոքթ. Մարալ Անճարկօլեան, Տիկ. Արշալոյս Նըմոյեան եւ Պրն. Յովհաննէս Գուշէրեան։ Այդ օր վերամուտը կը պատուէր նաեւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարաններու մարմնի ատենապետ՝ բազմավաստակ կրթական մշակ՝ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան։
Առաւօտեան ժամը 10։00-ին, իննսուն աշակերտ-աշակերտուհիներ գեղեցկօրէն հագուած ներկայացան զարդարուած բեմին վրայ։
Արդարեւ, այս աշակերտները արդէն իսկ Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն արձանագրուած էին։ Մօտ 40 աշակերտ եւս սպասման վիճակի մէջ է։
Վարժարանի ժրաջան ու սիրուած տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Թովմասեան-Խաչատուրեանի բարի գալուստի ջերմ եւ սիրալիր խօսքէն ետք Տէրունական աղօթքով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով սկսաւ հանդիսութիւնը։
Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Խաչիկ Ճանոյեան փոխանցեց սրտի խօսքը։ Ան, ողջունելէ ետք բոլոր ծնողները եւ աշակերտները վարժարանի 40-րդ կրթաշրջանի առիթով, վստահեցուց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները հոյակապ ուսուցչուհիներու եւ տնօրէնութեան ձեռքերու մէջ են եւ որքան այս ուսուցչական կազմին մօտէն ծանօթ ըլլան, այնքան պիտի սիրեն մեր ուսուցչուհիները։ Ապա, Պրն. Ճանոյեան բարի երթ մաղթեց դպրոցի տնօրէնութեան ուսուցչուհիներուն եւ աշակերտութեան։
Սրտաշարժ ելոյթով մը, Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան շնորհաւորեց ներկայ ծնողները, որոնք իմաստութիւնը ունեցած են իրենց զաւակները հայկական դպրոց ղրկելու, որպէսզի սորվին հայերէն լեզուն, հայութեան մօտ ըլլան ու կապուին, ըսաւ Դոկտ. Անդրէասեան, արժանանալով ներկայ ծնողներուն ու ուսուցչական կազմին ջերմ գնահատանքին։
Այդ օր ներկայ էր Լոս Անճելըսի մէջ ազգային եւ աշուղական երգերու գեղեցիկ մեկնաբան Գէորգ Չաքմայեան, որ խօսք առաւ ու շնորհաւորեց բոլոր ծնողները, ապա ազգային հայրենասիրական երգերու փունջ մը կատարեց արժանանալով ժողովուրդին ջերմ գնահատանքին։
Պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, բոլոր ծնողները տնօրէնութեան հետ ժողովի հրաւիրուեցան, իսկ աշակերտները, նախապէս խմբաւորուած, անցան իրենց դասարանները։
Կանաչ եւ բարի ճանապարհ կը մաղթենք մեսրոպախօս այս վարժարանի աշակերտութեան, տնօրէնութեան եւ բոլոր պատասխանատուներուն։
ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ