Ուրբաթ, 14. 02. 2025

spot_img

Քաղաքական Ակնարկ. Ամուլսարի Խնդիրի Կարճաժամկէտ Լուծում, Թէ Անոր Քողին Տակ Հանքի Վերջնական Շահագործում. Դէպի Ո՞ւր Կ՛երթայ Նիկոլ Փաշինեան

Ամուլսարի հանքի շահագործման հարցը կը  շարունակէ մնալ ՀՀ քաղաքական ու տնտեսական օրակարգի թիւ մէկ խնդիրը: Ամուլսարի շրջակայ բնակավայրերու բնակիչները կը շարունակեն շրջափակած պահել դէպի հանք տանող ճանապարհը, իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչ կ՛ընէ ապաշրջափակել Ամուլսար տանող ճանապարհը, նշելով, որ ինքը չի հասկանար այս փուլին ու այս իրավիճակին մէջ բողոքի նման գործողութիւններու օգուտը:

«Ես չեմ հասկանում Ամուլսարի նկատմամբ բողոքի գործողութիւններ անելու նպատակը: Եթէ տեսականօրէն ի յայտ կու գայ այլ տեղեկատուութիւն, մենք ոչ մի բանով կաշկանդուած չենք: Ամուլսարի հարցում ներգրաւուած բոլոր կողմերը օպյեկտիւ կամ սուպյեկտիւ ինչ-որ շահերի դաշտում են: Շահ ասելով չէզոք իմաստով հասկացէք: Իմ դիրքորոշումն ինչո՞վ է պայմանաւորուած: Ամուլսարի հարցով ես որեւէ շահի դաշտում չեմ գտնուում, բացի ՀՀ հաւասարակշռուած շահից: Այս իրավիճակում ես երաշխաւորուած եմ ինձ զգում, որ կարող եմ հանդէս գալ 100 տոկոս անաչառ, անշահախնդիր ու ՀՀ ազգային ու պետական հաւասարակշռուած շահը սպասարկել»,- ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերի ժամանակ յայտարարած է Փաշինեան՝  պատասխանելով այն յայտարարութիւններուն, թէ Կառավարութենէն որոշ մարդիկ կամ նոյն ինքն վարչապետը որոշակի ներգրաւուածութիւն ունին  Ամուլսարի հանքի շահագործման մէջ:

Վարչապետի, ըստ էութեան, մօտ մէկուկէս ժամ տեւած ուղիղ եթերի նպատակը հասարակութեան համոզել կամ տեղեկացնելն էր Ամուլսարի հանքի շահագործման իրենց մտադրութեան մասին, այն պարագային եթէ պարզուի, որ ան անվտանգ է Սեւանի ու Ջերմուկի ջրային պահեստի աւազաններուն համար: Նիկոլ Փաշինեան հասարակութենէն, ըստ էութեան, խնդրեց հնարաւորութիւն տալ Կառավարութեան զբաղելու այս հարցով կամ այլ կերպ ըսուած՝ «Լիտիանին» թոյլ տալ հանքը շահագործել, իսկ եթէ ընթացքին կը յայտնաբերուի որեւէ շեղում, ընկերութեանը  կը զրկեն արտօնագրէն:

Նիկոլ Փաշինեան մէկ կողմէն կը խօսի երկրին վարկին մասին ու անոր լրջութեան միջազգային հարթակներուն վրայ, միւս կողմէն կ՛ըսէ, որ  շահագործենք, տեսնենք, եթէ շեղում լինի կը դադարեցնենք հանքի շահագործումը: Արդեօք այս անլուրջ մօտեցում չէ՞ նման լուրջ հարցին: Ինչպէ՞ս  հնարաւոր է հանք շահագործել՝ չունենալով 100 տոկոսանոց վստահութիւն եւ երաշխիք, որ ան անվտանգ է ու չի վնասէր շրջակայ միջավայրին, ջրային պահեստներուն կամ աղբիւրներուն: Աւելին՝ Կառավարութեան ղեկավարին փոխանցմամբ՝ Ամուլ սարի հանքի շահագործման ամենամօտ ժամկէտը 2020ռի 4-րդ եռամսեակն է, կամ 2021-ի սկիզբը:

Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ տարիներ շարունակ պայքարող բնապահպան Հայկ Գրիգորեան մեր թերթին՝  «Զարթօնք»ին շնորհած լայնածաւալ զրոյցինմէջ  (պիտի հրատարակենք յաջորդին – խմբ.) վստահեցուց, որ հանքը պիտի չի շահագործուի, որովհետեւ, իրենք պիտի ընեն  հնարաւորն ու անհնարը թոյլ չտալու համար: Կառավարութեան ղեկավարի նման յայտարարութիւններն ալ բնապահպանը որակեց «խաղեր տալ». «Ունենալով բոլոր հնարաւորութիւններն ու փաստերը գործող ՇՄԱԳ (Շրջակա միջավայրի վրայ ազդեցութեան գնահատական)-ը չեղեալ համարելու եւ «Լիտիան»-ի գործունէութիւնը կասեցնելու համար»: Ըստ մասնագէտին, «Փաշինեան սուտ տեղեկութիւններ կը հրապարակէ ըսելով, որ չունին բաւարար փաստեր ՇՄԱԳ-ը չեղարկելու ու հանքի շահագործումը թոյլ չտալու համար: Փոխանակ Փաշինեան պետութեան անունունով  դիմէր իրաւարարական դատարան՝ Լիտիանին տուգանելու՝  պայմանագրի կէտերը խախտելու եւ ՇՄԱԳ-ին մէջ սուտ տեղեկութիւններ ներառելու համար, ան կը յայտարարէ, թէ չունին բաւարար փաստեր…»:

Անդրադառնալով Ամուլսարի շրջակայ տարածքի բնակիչներու կողմէն դէպի հանք տանող ճանապարհը շրջափակելուն, բնապահպանը նշեց, որ այսօր ալ ճանապարհը կը շարունակէ մնալ փակ, մարդիկ պիտի չնահանջեն, իսկ եթէ ոստիկանական ուժ կիրառուի, ապա այդ լրջօրէն կը վնասէ Հայաստանի՝ որպէս ժողովրդավարական երկրի պատկերին: Ըստ բնապահպանի՝ իշխանութիւնները այդ քայլին չեն երթար, հակառակ պարագային աւելի մեծ թիւով մարդիկ փողոց դուրս կու գան: Սակայն, հակառակն ալ չի բացառուիր, այդ ցոյց կու տայ Ամուլսարի հարցին մէջ Փաշինեանի յստակ դիրքորոշումն ու այս նիւթով իր ուղիղ եթերները:

Այնուամենայնիւ, Ամուլսարի խնդրին լուծման  լաւագոյն տարբերակը նախագիծը դադարեցնելն ու չեղարկելն է, քանի որ բնութեան ապականաման ամբողջական կանխարգելումն այս պարագային անհնար է: Նման կարծիք ունին նաեւ միջազգային բնապահպանները, մասնագէտները, եւ բոլոր անոնք, որոնք այս օրերուն տարատեսակ վերլուծութիւններ կ՛ընեն: Ամուլսարի դիրքը թոյլ չի տար խուսափիլ բնապահպանական աղէտէ, որն է՝ տարիներու ընթացքին Սեւանի ու Ջերմուկի ջուրերուն ապականումը:

Եւ վերջապէս, հանքերի շահագործումը որպէս կանոն կ՛իրականանայ երկրի մը ջրային պաշարներէն հեռու, քանի որ վտանգը տուեալ գօտիներուն մէջ առաւել մեծ է:

Այս իրավիճակին մէջ դժուար է հասկանալ դէպի ու՞ր կ՛երթայ Նիկոլ Փաշինեան՝ դէպի խնդրին կարճաժամկէտ լուծո՞ւմ (ժամանակաւոր թոյլատրել «Լիտիանին» հանքը շահագործել, շեղում նկատելու պարագային՝ զրկել արտօնագրէն ) թէ կարճաժամկէտ լուծման քողին տակ հասնիլ հանքի վերջնական շահագործման, բան մը, որ  իր հերթին աւելի եւս պիտի սրէ երկրին ներքին իրավիճակը:

ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին