Երկուշաբթի, 04. 11. 2024

spot_img

Նոր գիրքեր. «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ»

Հեղինակ՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Յիշարժան շնորհանդէս մըն էր որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 16 Օգոստոս 2019, երեկոյեան ժամը 7:30-ին կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցւոյ, «Տէրեան» սրահին մէջ: Եղածը գրական երեկոյ մըն էր, այլապէս շնորհանդէս մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ սփիւռքահայ ծանօթ մտաւորական, գրող եւ հասարակական գործիչ՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի նոր հրատարակած «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» հատորը:

Լոս Անճելըս գաւառի տարբեր շրջաններէն ժամանած ընտրանի հասարակութեան մը առջեւ բացման խօսքով եւ աղօթքով ներկաներուն ողջունեց եկեղեցւոյ ժրաջան Հովիւ՝ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան:

Իր հերթին Կիլիկիա եկեղեցւոյ վարչութեան Ատենապետ՝ Արա Ասիլեան, իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց յոբելեարին արժանիքները եւ դրուատանքով արտայայտուեցաւ հայ գիրին ու հասարակութեան բերած իր օգտաշատ ծառայութեան մասին:

Օրուան առաջին խօսք առնողն էր Սարգիս Մահսէրէճեան: Ան Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի սոյն աշխատասիրութեան մասին շատ ամփոփ կերպով արյայայտուելով, զայն նմանցուց համանուագի մը: Յատկանշական նկատեց հեղինակին մօտ առկայ եղող հասարակաց գիծ մը, որ բնորոշիչ յատկութիւն մըն է, ուր դրսեւորուած կը տեսնենք եւ իրարու ագուցուած հայ քրիստոնեայի կերպարը:

Երկրորդ ելոյթ ունեցողն էր Յովսէփ Նալպանտեան: Ան նախ ներկայացուց միւս երկու զեկուցաբերներու ամփոփ կենսագրականները, նաեւ ինքզինք՝ որպէս 22 գիրքերու հեղինակ: Իսկ «Սփիւռահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» հատորի մասին անդրադառնալով նշեց, որ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան որակաւոր յօդուածներու հեղինակ է ու անաչառ հրապարակագիր մը, որ իր շահեկան յօդուածներով կ՚ոգեւորէ իր ընթերցողները:

«Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ» 552 էջերէ բաղկացած գիրքի մասին որակեալ ուսումնասիրութեամբ մը հանդէս եկաւ Հրաչ Սեփեթճեան: Ան Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի անձին մէջ կը տեսնէ ժամանակակից այն հայը, որուն սիրտը կը տրոփէ միջազգայինով, բայց զայն կը կապէ ազգայինին հետ: Աշխատասէր եւ արդիւնաւէտ գրող մըն է որ կը հաւատայ այն բանին որ կը գրէ:

Հրաչ Սեփեթճեան շահեկան մէջբերումներ կատարելով այս նոր հրատարակութենէն, ներկաները աւելի մօտէն ծանօթացան հեղինակի սփիւռքահայ տարբեր գաղթօճախներուն տուած այցելութիւններէն կրած տպաւորութիւններուն մասին:

Այս կապակցութեամբ ուշագրաւ էին իր եւ ուրիշներու մտորումները հայապահպանութեան, հայ դատի եւ Հայրենիք-Սփիւռք փոխ-յարաբերութիւններուն, Ցեղասպանութեան եւ յարակից այլ այժմէական հարցերու մասին:

Իր սրտի խօսքին մէջ Գաբրիէլ Մոլոյեան, «Մասիս» շաբաթաթերթէն, դրուատեց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի բացառիկ ունակութիւնները որպէս աշխարհի չորս ծագերը ուղեւորութիւններ կատարող անձ, որ հետաքրքրական պատումներով, լուսարձակի տակ առած է հայ կեանքի տարբեր երեւոյթները: Աւարտին՝ մաղթեց քաջառողջ, երկար եւ բեղմնաւոր տարիներ, դալար գրիչ ու նորանոր յաջողութիւններ:

Երեկոյի գեղարուեստական բաժնի միակ մասնակիցն էր շնորհալի դաշնակահարուհի եւ Դոկտ. Ճէպէճեանի քրոջ (Ալիծ Աղպապեան) դուստրը` երգչուհի Արենի Աղպապեանը, որ իր ազգային եւ միջազգային երգ ու նուագի ներդաշնակ կատարումով տպաւորեց ներկաները:

Վերջին խօսք առնողն էր հեղինակը՝ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց երեկոյթի կազմակերպիչներուն եւ յայտագրի մասնակիցներուն: Միեւնոյն ատեն հետաքրքրական դրուագներ պատմեց իր կեանքի փորձառութենէն ու հանդիպումներէն: Ան անցնող 40 տարիներու ընթացքին որպէս Ս. Գիրքի Միջին Արեւելքի ընկերակցութեան տնօրէն իր այցելած վայրերուն մէջ ամէն ջանք թափած է հայեր տեսնելու եւ իրազեկ դառնալու անոնց ապրելակերպին:

Աւարտին, Վեր. Մկրտիչեան, շնորհակալական եւ փակման խօսքին մէջ գնահատանքով անդրադարձաւ Դոկտ. Ճէպէճեանի տարած նուիրական ծառայութեան համար, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ելոյթ ունեցողներուն ու հրաւիրեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանը, որու պահպանիչով վերջ գտաւ անմոռանալի գրական երեկոն։

Շնորհանդէսէն ետք տեղի ունեցաւ գիրքի մակագրութիւն, հիւրասիրութիւն եւ հաղորդակցական պահ, ուր մտերմիկ եւ հարազատ խօսակցութիւնները շարունակուեցան մինչեւ բաւական ուշ գիշեր։

Յիշենք, թէ նախորդող Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան այցելեցին եւ իւրայատուկ հանդիպումներ ունեցան ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Հովուապետ՝ Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս՝ Դեսպան Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանի հետ։

 

Գ. Մ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին