Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Հալլելույա – Լեոնարտ Քոհեն (Hallelujah – Leonard Cohen ) (լուսանկարներ, տեսերիզ)

Երգի Մը Պատմութիւնը -31-

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից                                                                                                                        

  Երաժիշտները այս երգը կոչած են «ուշացած ազդեցութեամբ ձիւնագունդ» ՝ համեմատելով այն ձիւնագունդին հետ, որ գլորուելով կը մեծնայ ու կը մեծանայ եւ վերջապէս, որպէս արդիւնք կը ստացուի այն, ինչ, որ ոչ ոք կը սպասէր։  Այս երգի պարագային, ձիւնագունդի ազդեցութիւնը երկարեցաւ աւելի քան 20 տարի։

        Հալլելույա երգը  կը պատկանի այն երգերու շարքին, որոնք  սկիզբը ոչ մէկ  տպաւորութիւն  չեն ձգեր ունկնդրին վրայ։ Այդ երգերը սովորաբար աւելի ականջահաճոյ կը դառնան տարիներ ետք, երբ  նոր երգիչ մը նորովի ոճով կը կատարէ զայն։ Հալլելույա երգը վերաերգուած է եւ ֆիլմերու մէջ գործածուած է այնքան շատ,   որ  անգամ մը  նոր ֆիլմի մը մասին գրախօսութիւն գրելու ժամանակ գրողը նշած է, որ,-« ժամանակն է առաջարկ ընել, որպէսզի այս երգը այլեւս ֆիլմերուն եւ բազմամաս ֆիլմային շարքերուն մէջ   չօգտագործեն, որովհետեւ այլեւս անհնար է ամէն ֆիլմի աւարտին լսել միեւնոյն երգը։ Ան կարծես դարձած է չգրուած օրէնք բոլոր սիրային մելոտրամաներու , նովելներու  համար»։

          «Մի քանի տարի առաջ, ես եւ իմ ընկեր Պոպ Տիլընը  սուրճ կը խմէինք Փարիզի մէջ։ Ան ինձ հարցուց, թէ ինչքա՞ն ժամանակ խլած է ինծմէ այս երգը գրելը։ Ես պատասխանեցի՝ 2 տարի։  Ի  պատասխան, ես անոր  հարցուցի, թէ որքա՞ն ժամանակ  խլած է իրմէ «I and I» երգը։ Ան պատասխանեց՝ 15 վայրկեան։ Ես զարմանքէս քիչ մնաց  աթոռէն իյնայի: Բայց այս ամէնուն մէջ ամենածիծաղելին այն էր, որ ես անոր ստած էի, որովհետեւ երգը գրելու համար ես ընդամէնը 5 տարի տրամադրած եմ։ Եւ ես համոզուած եմ, որ 15 վայրկեանի մասին ինքն ալ ստեց, որովհետեւ վստահ եմ, որ ան իրմէ խլած է ընդամէնը 5 վայրկեան»,- կը պատմէ Լեոնարտ Քոհենը։

           Երգը գրելու համար Քոհենը տրամադրած է 5 տարի, 2 հաստափոր տետրակ եւ բազմաթիւ անքուն գիշերներ։ Երգը աւարտելէն յետոյ, անոր մօտ պատրաստ էր խօսքերու  80 տուն, որոնցմէ ի վերջոյ մնացած է 4 տուն։ Երգի հիմքը կը կազմեն աստուածաշնչական թեմաներ, որոնք հանդիսացած են Քոհենի ներշնչանքի աղբիւրը։ «Հալլելույա» թարգմանաբար կը նշանակէ «Փառք Տիրոջ», սակայն երգը, անկախ իր բովանդակութիւնէն, հոգեւոր երգ չէ։ Քոհենը յաճախ իր ներշնչանքը քաղած է աստուածաշնչական թեմաներէ։

            Երգը սկիզբը ոչ մէկ վերաբերմունք չառաջացուց հանդիսատեսին մօտ։ Ձայնագրող ընկերութեան ներկայացուցիչները երգի առաջին կատարումը լսելէ ետք, զայն անուանեցին «սաղմոս» եւ հրաժարեցան ձայնագրել անոր հիմնական ալպոմին մէջ, սակայն որոշ ժամանակ անց , մտափոխուելով, ձայնագրեցին։ Քոհենը զայն միշտ կը ներառէր իր համերգային երգացանկին մէջ, ամէն անգամ փոփոխելով տուներուն բովանդակութիւնը , յոյս ունենալով, որ հանդիսատեսը աւելի կը ջերմանայ երգին հանդէպ։ 5 տարուայ ապարդիւն չարչարանքէն ետք յ, անոր ընկեր Պոպ Տիլընը կ՛առաջարկէ ընդգրկել զայն իր համերգային երգացանկին մէջ։ Այս քայլէն յետոյ որոշ հետաքրքրութիւն առաջացաւ երգին հանդէպ։

1994 թուականին, երգի թողարկումէն  քանի մը տարի անց, երիտասարդ երգիչ Ճեֆ Պակլին զայն ներառեց իր «Grace» ալպոմին մէջ։ Անոր յուզական կատարման շնորհիւ երգը սկսաւ հնչել բոլորովին այլ կերպով եւ շատ արագ սիրուեցաւ ունկնդիրներուն կողմէն։ Այսպէս երգը երկրորդ ծնունդ առաւ։ «Grace» ալպոմը տարիներու ընթացքին , դանդաղօրէն, աւելի ու աւելի հանրաճանաչութիւն  կը հաւաքէր  եւ 2002 թուականին, ձեռք բերաւ «Ոսկէ» տիտղոս։ «Հալլելույա» երգն ալ, ձիւնագնդակի պէս մեծնալով, հասաւ իր արդիւնքին։ Այսօր ան ունի բազմաթիւ վերաերգուած տարբերակներ եւ կը հնչէ մէջ նկարահանուած բազմաթիւ ֆիլմերու մէջ։ Ան ընդգրկուած է նաեւ  է Rolling Stone ամսագրի «500 մեծագոյն» երգերու շարքի մէջ։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին