Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի, 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցեցան 12 խումբեր:
Մասնակից խումբերը բաժնուեցան երկու խմբակներու, իւրաքանչիւր խմբակ՝ վեց խումբ: ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութի խմբակին մաս կազմեցին Սաժեսը, Շամվիլը, Պէյրութը, Մութահիտը եւ Հուփսը: Մրցումները ընթացան երթուդարձի դրութեամբ: Զոյգ խմբակներէն գլխաւոր երկու դիրքերը գրաւող խումբերը շարունակեցին տիտղոսին համար պայքարը:
ՀԵԸ Անդրանիկի խոստմնալից կազմը խմբային մրցումներուն ընթացքին արձանագրեց տպաւորիչ արդիւնքներ: Այսուհանդերձ մեր տղաքը չկրցան մուտք գործել «Ֆայնըլ Ֆոր»ի փուլը: Ախոյեանութեան տիտղոցը շահեցաւ Հուփսը:
Ախոյեանութիւնը ապացուցեց, թէ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ օժտուած է խոստմնալից եւ հեռանկարային մարզիկներով: Մեր տղոց արդիւնքները գոհացուցիչ ըլլալէ բացի, ապագայի համար պահ մը մտածել կու տան, այլ խումբերու նման, քանի մը օտար մարզիկներով համալրել ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութը եւ մասնակցիլ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ