1999-ին մեկնարկած Համահայկական Մարզախաղերը դարձած են համահայկական մտածողութեան խորհրդանիշ: է:
Արդարեւ, 6-էն 17 Օգոստոս 2019-ի միջեւ կայացած Համահայկական 7-րդ մարզախաղերը, նախորդներուն նման, ազնիւ մրցակցութեան փառատօն ըլլալէ աւելի, դարձան հայապահպանութեան եւ հայ ժողովուրդի միասնականութեան վառ արտայայտութիւն:
17 մարզախաղեր ընդգրկող Համահայկական 7-րդ Մարզախաղերուն մասնակցեցան 35 երկիրներու,161 քաղաքներու 5244 մարզիկներ: Մարզախաղերուն առաջին մասը տեղի ունեցաւ Արցախի մէջ, երկրորդը՝ Հայաստան:
Լիբանանահայութիւնը 170 մարզիկներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը մասնակցեցաւ 11 օրերու վրայ երկարող մարզախաղերուն, ներկայացնելով երեք լիբանանեան քաղաքներ՝ Պէյրութ, Պուրճ Համուտ եւ Անթիլիաս:
48 անդամ-անդամուհիներէ բաղկացած ՀԵԸ-ի պատուիրակութիւնը, Թոնի Ճունթոյեանի գլխաւորութեամբ, մասնակցեցաւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի,ապա՝ Երեւանի մէջ կայացող մրցումներուն: Մեր մարզիկները մասնակցեցան հանդիսաւոր բացման եւ փակման հանդիսութիւններուն:
ՀԵԸ-ի մարզիկները չորս մարզաձեւերու մէջ չափեցին իրենց ուժերը՝ պասքեթպոլ (տղաք՝ երկու խումբերով), փինկ փոնկ (աղջիկներ), թենիս եւ Ֆութզալ:
Լիբանանի պատուիրակութիւնը վեց մետալ յաջողեցաւ նուաճել Համահայկական Մարզախաղերուն, մէկ ոսկի, մէկ արծաթ եւ չորս պրոնզ: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի կազմը ապահովեց միակ ոսկին, կողքին շահելով մէկ արծաթ եւ մէկ պրոնզ:
ՀԵԸ-ի յաջողութիւնը արձանագրուեցաւ փինկ փոնկի մրցումներուն, շնորհիւ Մարիանա Սահակեանի, Նինա եւ Աննա Մարգարեան քոյրերուն:
ՀԵԸ-ական Մարիանա Սահակեան, Վրաստանէն Աննա Նիքոյեանի հետ միասնաբար շահեցաւ զոյգերու ոսկէ մետալը: Անհատական գտենի վրայ ան գրաւեց երկրորդ դիրքը, շահելով արծաթէ մետալ: Իսկ Նինա եւ Աննա Մարգարեան քոյրերը մասնակցեցան խմբային մրցումներուն եւ պրոնզէ մետալ ապահովեցին Լիբանանին:
Ֆութզալի պարագային, ՀԵԸ-ի կազմը վեց օրուան ընթացքին կատարեց հինգ մրցում, արձանագրելով 2 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն եւ 2 պարտութիւն: Մեկնելով մեր տղոց մարզավիճակէն եւ մրցումներուն խիտ ժամանակացոյցէն, պէտք է ըսել, որ գոհացուցիչ էին անոնց արդիւնքները:
Գալով տղոց պասքեթպոլի մրցումներուն, որուն ՀԵԸ Անդրանիկ մասնակցեցաւ երկու տարբեր կազմերով, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի տղաքը՝ 90-62 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Հելիոպոլիսը(Եգիպտոս), 89-99 եւ 55-75 արդիւնքով պարտութիւն կրեցին Կլենտէյլէն եւ Կիւմրիէն: Կլենտէյլի խումբը հասաւ պասքեթպոլի ֆինալին եւ շահեցաւ առաջնութիւնը: Իսկ ՀԵԸ Անդրանիկ Պէյրութ կրեց երկու պարտութիւն:
Հայրենի հողին վրայ, այլ ափերէ ժամանած հայրենակիցներու հետ ծանօթութիւններէն բացի, մարզախաղերուն ընթացքին ՀԵԸ-ի բոլոր կազմերը ձեռք բերին լայն փորձառութիւն:
Մարզախաղերուն ընթացքին, լիբանանահայ պատուիրակութիւնը այցելեց պատմական եւ մշակութային վայրեր: Յատկանշական էր դէպի Ծիծեռնակաբերդ, Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին այցելութիւնը, ուր պատուիրակութեան անունով ծաղկեպսակ մը զետեղուեցաւ Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին:
Կը շնորհաւորենք ՀԵԸ-ի բոլոր մարզիկները վերոյիշեալ յաջողութիւններուն առիթով: Մեր շնորհաւորութեան խօսքը կ’երթայ նաեւ ՀԵԸ-ի մարզական վարչական պատասխանատուներուն, Համահայկական Մարզախաղերուն մասնակցող պատուիրակութեան ղեկավար Թոնի Ճունթոյեանին, ինչպէս նաեւ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի անդամ Շահան Սեմերճեանին, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ