Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Տարեկան Բանակումը Եւ Խարուկահանդէսը՝ Հաւատք Դէպի Ապագայ (լուսանկարներ)

   Լիբանանի տնտեսական, ընկերային տագնապալից այս օրերուն  ուղղակի  հպարտութիւն  է  ականատես դառնալ ազգային  աւանդութիւնները պահպանելու մեր երիտասարդութեան ցուցաբերած հաւատքն ու վճռակամութիւնը:

 Շաբաթ, 17 Օգոստոս  2019-ին, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումը  փառաշուք  խարուկահանդէսով  մը  նշեց տարեկան բանակումին աւարտը: Բանակումին նախապատրաստութիւնները սկսած էին աւելի  վաղ՝ Շաբաթ, 27 եւ Կիրակի, 28 Յուլիս 2019-ին, երբ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի խմբապետական կազմը, երէց եւ քառավելական խումբերը,արենուշներու եւ սկաուտներու բարձրագոյն խմբակները մեկնեցան Ռաս  էլ Մեթնի  բանակավայրը,տարեկան բանակումի  պատրաստութիւններուն:

 Խանդավառութիւն եւ ուրախ մթնոլորտ կը տիրէր բանակավայրին մէջ: Իւրաքանչիւր խումբ  իր պարտականութեան վրայ՝ ճանապարհներու մաքրութիւն, խոհանոց, բանակումի լուսաւորութիւն: Սկաուտական  շարժումի շուրջ եօթանասուն եւ հինգ անդամ-անդամուհիներ միութենական եւ ընկերային  մթնոլորտի մէջ միասնաբար պատրաստեցին  բանակումին  կայմը:

Բանակավայրը արդէն պատրաստ էր ընդունելու սկաուտական խմբաւորումները: Յաջորդող օրերուն սկաուտական խումբերը մէկ առ մէկ  բարձրացան բանակավայր:

30 Յուլիսին  բանակավայր բարձրացաւ արենուշական խումբը, մինչեւ  7 Օգոստոս:  Արծուիկները՝ 5 Օգոստոսէն  մինչեւ 9 Օգոստոս: Սկաուտները 7 Օգոստոսին  բարձրացան եւ մնացին մինչեւ բանակումին աւարտը: Կարգը հասաւ  գայլիկներուն, որոնք  12 Օգոստոսին   ժամանեցին  իրենց երազած բանակավայրը,  մնալու մինչեւ աւարտը: Թիթեռները, Շաբաթ,  17  Օգոստոսին   բարձրացան: Քառավելները եւ երէցները  ամբողջ տեւողութեան մնացին բանակավայրին մէջ: 

   Բանակումին մասնակցող բոլոր սկաուտական խումբերը նախապէս պատրաստած էին իրենց աշխատանքային  ծրագիրները: Իւրաքանչիւր խմբաւորում ընտրած  էր նշանաբան մը: Բանակումը  ընթացաւ  հաւաքական  խաղերով, դաստիարակչական հաւաքներով, հետաքրքրական դասախօսութիւններով եւ  քայլարշաւներով:

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի  այս  տարուան բանակումը ունէր խորհուրդ մը: 1972-ին հիմնուած սկաուտական մասնաճիւղը, ոչ միայն  կը նշէր իր  47-րդ խարուկահանդէսը, այլեւ  յարգանքի  տուրք մը կը  փափաքէր մատուցել,1972-էն  մինչեւ օրս  իր ընդհանուր խմբապետներուն, խմբապետ-խմբապետուհիներուն եւ շարքերէն անցած անդամ-անդամուհիներուն:

 Բանակավայր այցելողներուն կը դիմաւորէր երեք հատուածներէ  պատրաստուած նախամուտք մը, որմէ քանի մը  տասնեակ մեթր առջեւ՝ Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի, SDL-ի  եւ AEL-ի դրօշներով ծածանող բարձրակառոյց կայմը կը գրաւէր բոլորին  ուշադրութիւնը:

Հասած էր   խարուկահանդէսի  երկար սպասուած  օրը: Շուրջ ութ հարիւր ներկաներ,որոնց մէջ  Տէր Նարեկ Ա. Քհնյ. Հեճինեան, Ռաս  էլ Մեթնի քաղաքապետ Մարուան Սալհա, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ  Վիգէն Չերչեան եւ անդամներ, AEL-ի եւ SDL-ի  ներկայացուցիչներ, ՀԵԸ-ի տարբեր  մասնաճիւղերու վարչութեանց ատենապետներ, վարչականներ, հիւրեր, ծնողներ եւ  միութենականներ:

Խանդավառ այս  մթնոլոտին մէջ  ՀԵԸ Անդրանիկ փողերախումբին  գլխաւորութեամբ,  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի բոլոր խմբաւորումները, իրենց  խմբապետներուն եւ  փոխխմբապետներուն առաջնորդութեամբ հերթաբար մուտք  գործեցին    բանակավայր. Թիթեռներ՝  Արաքս Չերչեան, արծուիկներ՝ Հերա Մազլումեան, Սելին Քիսոյեան,  գայլիկներ՝ աքելլա Լէա Ինքնատոսեան, արենուշ՝ Անժելիքա Այվազեան, սկաուտներ՝ Սերժ Քոճապապեան, քառավելներ՝ Նաթալի Թաքաճեան, երէցներ՝  Կարպիս  Սերչեան, ընդհանուր խմբապետ  եղբայր Եղիկ Աւետիքեան:

ՀԵԸ Անդրանիկ  փողերախումբին կատարողութեամբ  Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի քայլերգներու յոտնկայս  ունկնդրութենէն  ետք, տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն:

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի երէցներու փոխխմբապետ Սեւակ  Հաճեքեան  եւ  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի արենուշներու փոխխմբապետուհի Արեւ Սէֆէրեան  հայերէն  եւ արաբերէն  լեզուով բարի գալուստ մաղթեցին  ներկաներուն: Անոնք շնորհակալութիւն  յայտնեցին Ռաս  էլ Մեթնի քաղաքապետ Մարուան Սալհային՝ բանակավայրը տրամադրելու ազնիւ  որոշումին  համար: Ապա անոնք  հրաւիրեցին  Տէր Նարեկ  Ա.քհնյ. Հեճինեանը  փոխանցելու իր օրհնութիւնը:

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ  եղբայր Գրիգոր Քեշիշեան իր  խօսքին մէջ շնորհաւորեց սկաուտական  շարժումին մաս կազմող բոլոր անդամ-անդամուհիները, որոնք ամիս մը շարունակ  բանակավայրին մէջ  հաւաքական աշխատանքով կազմակերպեցին  բանակումը: Այդ միջոցին անոնք  սորվեցան  նոր գիտելիքներ: Ան նշեց, թէ  «Միութիւնը  Զօրութիւն  է» նշանաբանին կողքին, այսօր՝ կու գար աւելնալու՝  «Եղբայրութիւնը Սրբութիւն է» պատգամը:  Գրիգոր  Քեշիշեան ըսաւ, թէ Գործադիր Մարմինը  ճիգ պիտի  չխնայէ աւելի բարելաւելու իր գործունէութեան  դաշտը, մանաւանդ, որ մասնաճիւղին վերանորոգուած ակումբը  պիտի  դառնայ  միութենական եւ ընտանեկան  բոյն մը: Իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով  ծնողներուն եւ բոլոր վարչութիւններուն, անհատներուն եւ հաստատութիւններուն, որոնք  սատարեցին  բանակումին յաջողութեան::

Իր սրտի խօսքին մէջ, ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան ըսաւ,  թէ 1972-ին հիմնուած ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասը  ճակատաբաց  կը կենայ  պատմութեան  բարձունքին վրայ եւ հպարտ է Միութեան երազը իրականացնող   կարգապահ սկաուտներով, խմբապետ խմբապետուհիներով: «Իւրաքանչիւր  միութիւն նախ պէտք ունի ժառանգութիւն ստեղծողներու, ապա՝ ժառանգութիւնը պահպանողներու եւ անոր վրայ նոր բան աւելցնողներու։ Այլ խօսքով՝  պահպանելու քանակը, բայց առաւել եւս ստեղծելու՝ որակ: 

ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  յաջողեցաւ ստեղծել այս  ժառանգութիւնը, պահպանեց աւանդութիւնները եւ որակեալ  դիմագիծ տուաւ  մեր  Միութեան».  ըսաւ ան, աւելցնելով՝ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական խմբապետութեան հովանաւորութեան տակ, սկաուտական  խմբակներուն կազմակերպած բազմաբնոյթ  յայտագիրները, հետաքրքրական  դասախօսութիւնները եւ զրոյցները, խմբային արշաւները, նորանոր խաղերը, գիշերային խարուկահանդէսները եւ ուրախ մթնոլորտը  այնքան  հարստացուցին մեր Միութեան  առօրեան, որ պատանիներ, անձնական  հաճոյքներէ  եւ միութենական այլ  պարտաւորութիւններէ աւելի կը նախընտրեն ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի յարկին տակ աշխատանքը: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասը դարձուցած  են իրենց երկրորդ ընտանիքը: 

Ապա ան   շնորհակալութեան խօսք  ուղղեց յարգելի եւ ազնիւ ծնողներուն, որոնք  սիրայօժարօրէն  իրենց զաւակները  կը վստահին Միութեան: Շնորհակալութեան խօսք յղեց նաեւ  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս  մասնաճիւղի  Գործադիր Մարմինի  ատենապետ  եղբայր Գրիգոր Քեշիշեանին, Գործադիրի  վարչական անդամներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական խմբապետական կազմին, բոլոր խմբապետ, խմբապետուհիներուն եւ  ընդհանուր  խմբապետ  եղբայր  Եղիկ Աւետիքեանին, ինչպէս նաեւ սկաուտական վարչութեան  ատենապետուհի   քոյր Թալին  Ինքնատիոսեանին, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ծնողաց    եւ մայրերու վարչութեանց  եւ բոլոր անոնց, որոնք  մնայուն կը  քաջալերեն  մեր  միջոցառումները: Ան նաեւ  շնորհաւորեց Sachem-ի ընտանիքին  35-ամեակը եւ նոր խմբապետական  կազմի անդամները, որոնք միացան ընտանիքին:

Վիգէն Չերչեան աւետեց այն  բարի լուրը, որ  բոլոր  ՀԵԸ-ականները  անհամբեր կը սպասէին.« Սիրելիներ, պարտք  կը զգամ անդրադառնալու  գնահատելի երեւոյթի մը մասին, որուն համար հպարտ ենք բոլորս:  Շնորհիւ  ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի  Շրջանակային Յանձնաժողովին եւ անոր ատենապետ՝ Ժերար Թիւֆենքճեանին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիրի ջանքերուն եւ յատկապէս Նազարեան ընտանիքին ճիգերուն, ի մասնաւորի  պարոն Կերի Նազարեանի կատարած ազնուական նուիրատուութեան, կարելի եղաւ  վերանորոգել,  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի ակումբը». յայտնեց ան  եւ միաժամանակ  շնորհակալութիւն յայտնեց  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Ասպետներու   Համախմբումի ատենապետ  Արթիւր Գունտաքճեանին, որուն բծախնդիր  եւ հետեւողական  հսկողութեան տակ  տեղի ունեցաւ ակումբին վերաշինութիւնը:

 Բացման խօսքերէն ետք,  տեսաերիզի վրայ  ցուցադրուեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս մասնաճիւղիի  կազմաւորման օրէն ջահի փոխանցման արարողութիւնները խորհրդանշող տեսաերիզ  մը, սկսելով  մասնաճիւղի առաջին  ընդհանուր խմբապետ եղբայր Գէորգ Սանթուրեանէն, յաջորդաբար՝ Արա Կարդացողեանին,Վիգէն Չերչեանին,Վաչէ Աւետիքեանին, Գոգօ Քեշիշեանին, Արա Աւետիքեանին, Հմայեակ Բարթամեանին,Սագօ  Միքայէլեանին, Էտի Թորամանեանին,  հասնելու  ներկայ խմբապետ եղբայր  Եղիկ Աւետիքեանին:  Իսկապէս տպաւորիչ   եւ գնահատելիէ  էր յաջորդականութեան  ժառանգութիւնը  պահպանելու, իր երախտաւորները արժեւորելու  մասնաճիւղին   նախաձեռնութիւնը:

 Եղբայր Եղիկ Աւետիքեան խոստացաւ վառ  պահել Միութեան  ջահը եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:Ապա ան հրաւիրեց   Ռաս էլ Մեթնի քաղաքապետ Մարուան Սալհան,  նախկին բոլոր  ընդհանուր խմբապետները,  ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը եւ անդամներ Կերի Նազարեանը, Յակոբ Թելվիզեանը, Գէորգ Սանթուրեանը  եւ Վաչէ Աւետիքեանը, ՀԵԸ  Անդրանիկ Անթիլիասի  Գործադիր Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Քեշիշեանը վարելու խարոյկը:

 Ռաս էլ Մեթնի  քաղաքապետ Մարուան Սալհա սրտաբուխ  խօսք մը արտասանեց, ուր    ողջունեց  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ը, դիտել տալով, որ  երկար տարիներու բարեկամութիւն պահպանած է  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  ղեկավարութեան հետ: Ան շնորհաւորեց  խարուկահանդէսը  եւ  խոստացաւ յառաջիկայ տարուան  համար  բանակումի աւելի յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծել  ՀԵԸ Անդրանիկ  Անթիլիաս սկաուտական  շարժումին:

 Նախքան գեղարուեստական յայտագիրը, եղբայր Եղիկ Աւետքիեան  յուշանուէրով մը պատուեց արենուշներու  խմբապետուհի  Անժելիքա  Այվազեանը, որ բարձրագոյն ուսման նպատակով  պիտի   մեկնէր  Լիբանանէն:

Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ եւ նրբաճաշակ  յայտագիր  մը, որ մեծ  ոգեւորութիւն ստեղծեց ներկաներուն մէջ:  Խմբային արտասնութիւն, խմբապարեր, մարմանամարզական բուրգեր, ճաշակով համեմուած   յայտագիր  մը, որոնք  ծափերով դիմաւորուեցան ներկաներէն:   Գեղարուեստական յայտագիրը խորքին մէջ  յիշատակի եւ  երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն էր: 1972-էն ի վեր  յաջորդական  47  խարուկահանդէսներէն  վերցուած ելոյթներու,  համադրութիւն մը: Նոյն պահուն  ներկաները մեծ պաստառի   վրայ կը հետեւէին ՀԲԸՄ- ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի  անցեալէն մինչեւ  օրս, առօրեայ գործունէութեան:

 Խարուկահանդէսը աւարտեցաւ   ցտեսութեան հաւաքական շուրջպարով:

Յարգանք եւ երախտագիտութիւն  ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի  բոլոր անդամ-անդամուհիներուն, այս որակեալ եւ   յիշատակելի  խարուկահանդէսին առիթով:

  ՀԵԸ-Ի ՄԱԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին