«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պէյրութ եւ Լեռնալիբանան դարձեալ պիտի յայտնուին աղբերու մէջ երբ ամսեսկիզբին Պուրճ Համուտի աղբավայրի փակման որոշումը գործադրուի:
Այս իրողութիւնը աւելի վտանգաւոր խնդիր է Լիբանանի համար քան միւս բոլոր խնդիրները, որոնք Լիբանանի կը սպառնան ըսաւ երեսփոխան Մարուան Համատէ, Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ճրէյսաթիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
«Եթէ գալիք երկու շաբաթներուն լուծումի մը չկարենանք հասնիլ, պէտք է բոլոր նախարարներս մեր իրերը հաւաքենք եւ տուն երթանք». Շարունակեց ան:
Ժըրէյսաթի իր կանգին Սեպտեմբեր 1ը համարեց աղբերու խնդրի լուրջ վերսկսման օր.
Արդարեւ նախարար Ժըրէյսաթին անցեալ Փետրուարէն ի վեր ահազանգ կը հնչեցնէ ըսելով, որ եթէ Պուրճ Համուտի աղբավայրին փոխարինող մը չգտնուի, Լիբանան դարձեալ աղբերու մէջ պիտի լողայ, ինչպէս, որ պատահեցաւ 2015ին: «