Չորեքշաբթի, 26. 03. 2025

spot_img

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտ Շաբաթը Այս Տարի Եւս Հաւատացեալներու Հոծ Բազմութեամբ Նշուեցաւ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին, 12-16 Օգոստոս 2019-ին Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի տօնին առիթով տեղի ունեցան Աստուածամօր նուիրուած հոգեպարար դասախօսութիւններու, խորհրդածութիւններու եւ աղօթասացութիւններու շարք մը, ինչպէս նաեւ օրական դրութեամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։

Երկուշաբթի առաւօտուն ուխտաւորները հաղորդուեցան «Մարիամ Աստուածածնի Կուսութիւնը» նիւթով, որ ներկայացուց Հոգշ. Տ. Աշոտ Աբղ. Խաչատուրեան։ Երեկոյեան պատարագը մատուցեց Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեան, իսկ Գերշ. Մակար Եպս. Աշգարեան նախագահեց աղի օրհնութեան արարողութեան։

Երեքշաբթի առաւօտուն Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան խօսեցաւ «Աստուածածինը Հին Կտակարանին Մէջ» նիւթը։ Հոգշ. Տ. Լեւոն Աբղ. Եղիայեան մատուցեց Պատարագը, որուն աւարտին կատարուած խունկի օրհնութեան նախագահեց Հոգշ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան։ Այս պատարագին մասնակցեցան եւ Ս. Խորանին սպասարկեցին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ծխատէր քահանան եւ դպրաց դասը։

Չորեքշաբթի առաւօտուն «Աստուածածինը Նոր Կտակարանին Մէջ» նիւթը ներկայացուց եւ երեկոյեան պատարագը մատուցեց Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան՝ մասնակցութեամբ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ծխատէր քահանային եւ դպրաց դասին։ Պատարագի աւարտին կատարուած ջուրի օրհնութեան նախագահեց Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան։

Հինգշաբթի առաւօտուն Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան ուխտաւորներուն մանրամասնեց «Աստուածածինը Հայ Եկեղեցւոյ Ծէսին մէջ» նիւթը եւ երեկոյեան մատուցեց Պատարագը՝ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծխատէր քահանային եւ դպրաց դասին մասնակցութեամբ։ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգլըճեան նախագահեց իւղի օրհնութեան արարողութեան։

Վերջապէս, Ուրբաթ առաւօտուն Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան ներկայացուց «Աստուածածինը Շարակնոցին մէջ» նիւթը։

Թող Աստուածամայրը բոլորին ուխտը ի կատար ածէ։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին