«Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութիւնը արժանացաւ Լէոնիդ Ենգիբարյանի անուան մնջախաղի միջազգային փառատօնի ոսկէ մետալին, որպէս փառատօնի գլխաւոր տեղեկատուական գործընկեր։ «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ Օգոստոսի 14-ին, փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ոսկէ մետալը գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանին յանձնեց Երևանի մնջախաղի պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, փառատօնի գլխաւոր արտադրիչ Ժիրայր ՏաՏասեանը։
«Չորրորդ տարին անընդմէջ մենք համատեղ կ՛իրականացնենք մնջախաղի փառատօնը միջազգայնացնելու աշխատանքը, և ես ուրախ եմ, որ աշխարհի փառատօնային քարտէզի վրայ իր վառ տեղը ունի Լէոնիդ Ենկիպարեանի անուան մնջախաղի միջազգային փառատօնը»,- ըսաւ Անանեան։
Փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը մեկնարկեց «Ֆորմա» թատերախումբի «Վայ-վայ» ներկայացմամբ։ Ան մարդկանց կենդանի շփման բացակայութեան մասին է, որու հիմնական պատճառը համացանցն է։