«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 35
Զարա Ղազարեան
«Զարթօնքի Աշխատակից
«Հայաստանը հրաշալի է, Տավուշը՝ բացառիկ, ով որ Տավուշը չէ տեսած, Հայաստանը չէ տեսած»:
«Հաղարծինի շաբաթուայ» բացումը այսպէս կ՛ազդարարեն վաթսունէ աւելի երիտասարդ կամաւորներ, որոնք եօթ օր շարունակ Հաղարծինի վանական համալիրը կը պահեն «արտակարգ ռեժիմի տակ»:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Տավուշի թեմի երիտասարդութիւնը արդէն չորրորդ տարին է կը կազմակերպէ «Հաղարծինի շաբաթը» հոգեւոր-մշակութային եօթօրեայ փառատօնը:
Արդարեւ, օգոստոս 12-ին Հաղարծինի վանական համալիրի տարածքին մէջ մեկնարկեց արդէն աւանդական դարձած փառատօնը:
Տավուշի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեան կը նշէ, որ փառատօնի գլխաւոր նպատակը զբօսաշրջութեան զարկ տալը, կամ՝ վանական համալիրը ճանաչելի դարձնելը չէ: «Հաղարծինի շաբաթը մեզի համար, առաքելութեան առաջնայնութիւնն է, մեր կեանքը, մեր ունեցածը գնահատելը, անոր տէր կանգնելու գիտակցութիւնը բարձրացնելն է: Շատ կարեւոր է մեր տարածաշրջանին մէջ ապրող վառվռուն երիտասարդներուն սիրոյ կապի մէջ ամբողջացնելը, պահելը եւ իրենց միջոցով այդ պատգամը մեր ողջ ժողովուրդին փոխանցելը… »։
Մշակութային շաբաթը նպատակ ունի նախ՝ համահաւաք հոգևոր-մշակութային միջավայր ստեղծելու Տավուշ աշխարհի երիտասարդութեան համար, ապա՝ հասարակութեան համար առիթ մը եւս բացայայտելու մեր հոգևոր ժառանգութեան՝ այս պարագային Հաղարծին վանքի էութիւնը, պատմական հսկայ դերակատարութիւնը և ներկայի տեսլականը :
Փառատօնին ընթացքին վանքի տարածքին մէջ կը կայանան հոգևոր երգի, նկարչութեան, քանդակագործութեան, փայտի փորագրութեան, գորգագործութեան, կապերտագործութիւն, օճառի և տեղական գաթայի պատրաստման, կաւագործութեան դասեր, որոնք թոյլ կու տան աւելի լաւ պատկերացնել, թէ ինչպէս ապրեր են մեր նախնիները դարեր առաջ: Շաբաթուայ ընթացքը կ՛ուղեկցուի նաեւ եկեղեցական արարողութիւններով, աւետարանական ընթերցումներով և երգեցողութեամբ, որոնք թոյլ կու տան հիւրերուն աւելի խորը թափանցելու և հասկնալու վանքին պատմամշակութային ժառանգութիւնը:
Հաղարծինի շաբաթը կ՛աւարտի Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնին՝ օգոստոսի 18-ին: Կիրակի կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ ու Խաղողօրհնէքի արարողութիւն: Առանձին օրեր նուիրուած կ՛ըլլան մանուկներուն եւ Հայոց բանակին։ Օրակարգին կարելի է ծանօթանալ Տավուշի թեմի ֆէյսպուքի էջին միջոցով: