Կիրակի, 10. 11. 2024

spot_img

Քուիզաս, Քուիզաս, Քուիզաս – Օսվալտօ Ֆարրես (Quizas, Quizas, Quizas- Osvaldo Farres). (լուսանկարներ)

Երգի Մը Պատմութիւնը -28-

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

«Երաժշտութիւնը, ինչպէս լաւ օծանելիքը, իր մէջ անտեսանելի մասնիկներ ունի, որուն հետ առաջին հպումէն կրնայ  ժամանակի սահմաններէն դուրս եկող սիրավէպ մը սկսիլ, որ կրնայ շարունակուիլ  ամբողջ կեանքի ընթացքին»,-Օսվալտօ Ֆարրես

Քուպայի երաժշտութեան մասին խօսելու ատեն դժուար թէ մէկը չնշէ այս՝ կրքոտ ու գեղեցիկ երգը, որ յայտնի է բոլորին, սիրելի է շատերուն, առանց որուն ոչ մէկ լատինամերիկեան պարերերեկոյ կը կայանայ։ Եւ պատճառը թերևս այն է, որ հակառակ անոր սպաներէն լեզուով հնչողութեան, երգը յայտնի դարձաւ ու սփռուեցաւ  աշխարհով մէկ, Միացեալ Նահանգներէն՝ ամերիկացի սեւամորթ երգիչ Նաթ Քինկ Քոլի միջոցով, թէեւ անոր կատարմամբ երգը անգլերէն կը հնչէր։

Քուպացի երգահան Օսվալտօ Ֆարրեսը ամենայայտնի քուպացի երգահանն է, որ մինչև իր կեանքին վերջը չսորվեցաւ ներդաշնակում, նուագել որևէ գործիք, նոյնիսկ՝ ամենապարզ  նօթագրութիւն։ Երգերու երաժշտութիւնը ան կը գրէր բանաւոր, բառերու հետ միաժամանակ։ Անոր կարծիքով այդպէս հեշտ էր յիշել մեղեդին ։ Թէեւ տարիներու ընթացքին ան սովորութիւն դարձրուց ձայնագրել ինքն իրեն ձայնագրիչով։ Մնացած աշխատանքը արդէն կը կատարէին երաժիշտ ընկերները, որոնք կը նօթագրէին,  կը ներդաշնակէին, այնույետեւ  կը գործիքաւորէին երգը՝ մասնագիտական բարձր հմտութեամբ։ Հետաքրքրական էր ընկերներուն կարծիքը եւ դիրքորոշումը Ֆարրեսի մասին․  « Անոր դպած է Աստուած․․․, մնացեալը մանրուք է՝  մասնագիտական հմտութեան հարց , մենք կ՛ընենք»։

Իր երկար կեանքին ընթացքին Ֆարրես բազմաթիւ քուպայական եղանակներ գրեց, սիրուած էր քուպացիներու կողմէն, մեծ հռչակ կը վայելէր, բայց աշխարհին ան յայտնի է իր  « Քուիզաս, Քուիզաս, Քուիզաս» («Quizas,Quizas, Quizas» ) երգով, որ եթէ բառացի թարգմանենք, կը նշանակէ ՝ «Գուցէ»։ Երգին մէջ տրամա ու սիրային ծանր տանջանքներ չկան։ Ան սիրահարուած տղայի և սեթևեթող (Ֆլիրթող) աղջկայ մասին գեղեցիկ «սիրավէպ» է , ուր սիրահարուած ու  խելքը կորսնցուցած տղան սիրելիին կը հարցնէ՝ «երկա՞ր պիտի խաղաս հոգիիս հետ, ու ինձ պիտի ձգես անպատասխան․․ մինչեւ ե՞րբ, ըսէ, ե՞րբ», ինչին աղջիկը սեթևեթանքով կը պատասխանէ ՝ « Գուցէ, Գուցէ, Գուցե․․․» ։

Ֆարրես, ընդհանրապէս իր երգերուն մէջ կը խուսափէր ծանր տրամաթիք պատմութիւններէն և սիրավէպերէն։ Ան կը կարծէր, որ երգը պէտք է հաճոյք պատճառէ լսողին՝ լեցուած թեթեւութեամբ ։  Այս պատճառով անոր երգերու գերակշռող մասը տղամարդու եւ կնոջ սիրային գեղեցիկ յարաբերութեան մասին են, անոնց պատճառած գեղեցիկ հոգեվիճակներուն եւ տրամադրութեան մասին։ Այս յարաբերութիւններէն բխող երջանկութեան և գլխապտոյտ պատճառող սիրահարութեան, սէրէն թեթևակի հարբած ըլլալու զգացողութեան մասին։  

Երեւի թէ այս է պատճառը, որ անոր երգերը մեծ հեղինակութիւն կը վայելէին համաշխարհային երգիչներու մօտ։ Անոր գրած աւելի քան 300 երգերու կատարողները եղած են Խուլիո Իկլեսիաս, Սառա Մոնդել, Սեզարիա Իվորա, Կապի Մորենօ, Լուիս Միկել, Նաթ Քինկ Քոլ, Էտիթ Փիաֆ, Շառլ Ազնավուր, Անտրէա Փոչելի, Ճենիֆըր Լոփես, Տորիս Տէյ եւ ուրիշներ։ Ան երկար ժամանակ ինքզինք  յայտնի չէր համարեր:

Ֆարրեսի երգերը մեծ մասամբ բոլոր ոճերու են, և շատ յաճախ կը գործածուին պարային մրցումներու, պարային երեկոներու ժամանակ։ Իսկ 20 դարուն սկզբը ծնած և ապրած երգահանը երիտասարդ է մինչեւ այս օրս, իր երգերու շնորհիւ, նոյնիսկ իր մահուանէ 35 տարի անց։ Անոր երգերուն մէջ միշտ կը գերիշխէ բարձր տրամադրութիւնը, լուսաւոր հոգեվիճակները, սիրահարութիւնը կնոջը, կեանքին, գեղեցիկին․․․Նոյն այդ զգացողութիւնները կը փոխանցուին ունկնդրին՝ կամայ թէ ակամայ փոխանցելով անոր յաւերժ երիտասարդ ու սիրահարուած երգահանի տրամադրութիւնը։

«Երաժշտութիւնը այն է, ինչ լաւ օծանելիքն է․․․․․»

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին