Հայաստանի նոր իշխանութեան օրով կայանալիք առաջին դեսպանահաւաքի նախօրէին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբէկեան ազնիւ նախաձեռնութեամբ մը ուզած է լիբանանահայ համայնքի բաղկացուցիչ տարրերուն հայեցակէտն ու հոգերը փոխանցել Հայրենի իշխանութեանց:
Այս ծիրէն ներս Երկուշաբթի, 12 Օգոստոս 2019ի կէսօրին այցելութիւն մը տուաւ Թէքէեան Կեդրոն, հանդիպելու համար ՌԱԿի Լիբանանի պատասխանատուներուն հետ:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն կողքին հանդիպման ներկայ եղան նաեւ ՌԱԿի պետական նախկին երեսփոխան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ նոյն վարչութեան ատենադպիր՝ ընկ.հի Անի Լաչինեան-Մակարեան:
Հանդիպումը առիթ մըն էր ներկաները յուզող հարցերու շուրջ սրտբաց խօսակցութեան:
Յարգելի Պրն. Դեսպանը խոստացաւ ՌԱԿի ներկայացուցիչներուն մտքերն ու առաջարկները փոխանցել առ որ անկ է:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան