«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանի Կրթութեան Նախարար Աքրամ Շհայյէպ Հինգշաբթի օր յայտարարեց, որ Պետական Քննութիւններու Արդիւնքներու Խառնաշփոթին Հիմնական Պատասխանատուն Հրաժարած է իր Պաշտօնէն:
Համակարգչային եւ մարդկային սխալ մը պատճառ հանդիսացած էր, որ կարգ մը անյաջող արդիւնք աշակերտներ յաջողած երեւին նախարարութեան կայքին վրայ:
Այս պատահարը խուճապ եւ դժգոհութիւն ստեղծած էր կարգ մը ծնողներու մօտ: Այս հարցով նախարարը յայտարարած է, որ իր նախարարութիւնը կը կրէ ամբողջական պատասխանատուութիւնը եւ տուեալ պաշտօնեան հրաժարած կամ ոճ ենթակայ է հարցաքննութեան:






