«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վարչապետ Սաատ Հարիրի Հինգշաբթի օր յայտնեց, որ ինք լաւատես է, որ շուտով դրական ճեղք մը պիտի յառաջանայ նախարարաց խորհուրդի փակուղիին մէջ:
Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ հանդիպելէ ետք նախագահ Միշէլ Աունի հետ:
Հանդիպումը դրական էր ըսաւ ան: եւ յոյս յայտնեց, որ հարցերը դրական ելքեր պիտի ունենան:
Հինգշաբթի օրուայ հանդիպումը եկաւ չափազանց լարուած մթնոլորտէ մը ետք, որուն ընթացքին փոխադարձ ամբաստանութիւններն ու մեղադրանքները անցած էին ամէն պատշաճ սահման:
Յիշեցնենք, որ Ալէյի պատահարի թնճուկը տակաւին կը շարունակէ զբաղեցնել երկրին քաղաքական դաշտը:






