Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Արցախը Պատրաստ Է Ընդունելու Համահայկական Խաղերու Հազարաւոր Մասնակիցները (լուսանկարներ)

Նորայր Յովսէփեան

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախը կը պատրաստուի ընդունիլ Համահայկական 7-րդ ամարային խաղերու հազարաւոր մասնակիցներն ու հիւրերը: Համահայկական խաղերու աշխարհագրութիւնն ու կազմը ամէն տարի կ՛ընդլայնի: Ամարային խաղերուն 160-է աւելի քաղաքներու պատուիրակութիւններ կը մասնակցին՝ մօտ 4 տասնեակ պետութիւններէ: Ոմանք՝ այս տարի միացած են համահայկական խաղերուն: «Առաջին անգամն է Արաբական Էմիրութիւններէն են, որ կը մասնակցին: Նոյնն է Իրաքի պարագանե. մանրամասնեց Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզի փոխնախարար Աշոտ Դանիէլեանը: «Յայտերի թիւը արդէն մօտ է 6 հազարին: Եւ այս թիւը պէտք է ոգեւորէ մեր ժողովուրդին»,- կ՛եզրափակէ Համահայկական խաղերու Ստեփանակերտի գրասենեակի պատասխանատու Վարդան Բալաեանը:

Արդէն մի քանի ամիս է՝ նախապատրաստական աշխատանքները  կ՛ընթանան: Մարզական ենթակառուցուածքներու հետ՝ նաեւ զբօսաշրջային ենթակառուցուածքները կը  բարեկարգուին ու կը նախապատրաստուին: Այս օրերուն Ստեփանակերտի հիւրանոցներու, հիւրատուներու, նոյնիսկ հանրակացարաններու մէջ  ազատ տեղ չկայ: Մարզիկ-մասնակիցներէն բացի Արցախ կու գան նաեւ հազարաւոր հիւրեր ու հրաւիրյեալներ: Պաշտօնական թիւը շատոնց հատած է 10 հազարի սահմանը եւ կը շարունակէ աճիլ: Նման կարգի միջոցառում հիւրընկալելը արդէն իսկ որպէս պետութիւն Արցախի կայացածութեան փաստն է, որ կը հաստատուի եւ խաղերու բացումը Արցախի մէջ նախատեսելով՝ նաեւ այս նամակն է, որ կը  յղուի, կ՛ընդգծէ Իշխան Զաքարեան: «Բոլորը պէտք է հասկանան, որ սա պետութիւն է, լուրջ պետութիւն է, որ կարող է ոչ միայն լաւ կռուիլ, ոչ միայն հողը պաշտպանել, այլեւ նման կարգի մարզական միջոցառումներ հիւրընկալել, ուր կը  հաւաքուին մի քանի հազար մարզիկներ»,- կը կարեւորէ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը:

Արդէն օրեր շարունակ՝ հազարաւոր մասնակիցներ օրուայ մեծ մասը Ստեփանակերտի կեդրոնական մարզադաշտին մէջ կ՛անեն: Իր չափերով բնօրինակին չզիջող Տիգրանակերտի ֆոնին կ՛ամբողջացնեն են բացման արարողութեան բեմադրութիւնը, որ նաեւ հայոց պատմութեան յիշարժան դրուագները պիտի   ներկայացնէւ: Մուսալեռի վրայ, Խոր Վիրապի  եւ Տիգրանակերտի մէջ վառուած ջահերը այստեղ պիտի հասնին՝ համահայկական խաղերու ջահը վառելու համար: Գլխաւոր բեմադրիչ Ռուբէն Յովհաննէսեանը փակագիծերը չուզեր բանալ, բայց Օգոստոսի 6-ին անմոռանալի երեկոյ կը խոստանայ. «Այս ներկայացում է, որ իր մէջ ընդգրկուած են բոլոր ժանրերը՝ պարարուեստը, երգարուեստը, մարտարուեստը, ոգին: Եւ սա ինքը մշակոյթն է: Դրօշի բարձրացումը ինքնին մշակոյթ է»:

            Հիւրերէն 10 հազարը բացման արարողութեան կը հետեւին Ստեփանակերտի կեդրոնական մարզադաշտէն: Հազարաւոր մարդոց համար մեծ պաստառներ պիտի տեղադրուին Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակին վրայ: Իսկ միլիոնաւորներ համահայկական ամենամեծ մարզական միջոցառման մեկնարկին կարնան հետեւիլ ուղիղ եթերով: «Բացման ամբողջ արարողութիւնը ուղիղ եթերով պիտի ցուցադրուի, Արմենիա հեռուստաընկերութեան ուղիղ եթերով: Եւ ես յամոզուած եմ, որ աշխարհի բոլոր ծայրերուն մէջ բոլոր հայերն ալ այդ օրը պիտի տեսնեն համահայկական խաղերու բացումը  Արցախի մէջ», կը մանրամասնէ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան:

Արցախի մէջ ոչ միայն խաղերու բացումն է, որ պիտի ըլլայ, այլ նաեւ ֆութպոլի, շախմատի, վոլիպոլի, բազկամարտի, հեծանուավազքի, եւ մարզական պարերու մրցումները: 6 մարզաձեւերէն 3-ը պիտի աւարտի Արցախի մէջ, իսկ մնացեալ երեքի մրցումները պիտի շարունակուին Հայաստանի մէջ:

Համահայկական խաղերը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պիտի  շարունակուին Օգոստոսի 8-ին: Փակումը Օգոստոսի 17-ին կը  նախատեսուի, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին