Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Պըրրի Խորհրդարանը Ժողովի Հրաւիրեց Օրակարգ Ունենալով Սահմանադրութեան 95րդ Յօդուածը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ Նապիհ Պըրրի Խորհրդարանը ժողովի հրաւիրեց յառաջիկայ Հոկտեմբեր 17ին քննարկելու եւ բացատրելու Լիբանանի Սահմանադրութեան 95րդ յօդուածի իրավիճակը: Ան այս քայլին դիմեց հիմնուելով Նախագահ Աունի կոչին՝ յստակացնելու նշեալ յօդուածը:

Յատուկ նամակով մը, որ ուղղուած էր Պըրրիին, Աուն խորհրդարանէն յստակացում մը պահանջեց նշեալ յօդուածին կապակցութեամբ, որ կը վերաբերի յատուկ յանձնախումբ մը կազմելու, որուն նպատակը պիտի ըլլայ ջնջել համայնքային դրութիւնը Լիբանանի պետական համակարգէն:  Նշենք, որ սոյն յանձնախումբը կազմուած չէ Թաէֆի համաձայնագրէն ի վեր:

Ըստ յօդուածին պէտք է աստիճանաբար վերածուիլ ոչ համայնքային վարչակարգի, ուր պետական պաշտօնէութիւնը, դատական համակարգը, զինուորական, թէ այլ հաստատութիւնները հեռու մնան ըստ համայնքի պաշտօնի կոչումներէ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին