Երգի Մը Պամտութիւնը -26-
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
«Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» երգը բազմակի անգամ վերաերգուած երգ է։ Անիկա չհինցող երգերու շարքին կը պատանի եւ երկար ժամանակէ ի վեր դարձած է Նիւ Եորք քաղաքի ոչ պաշտօնական քայլերգը։ Երգը յայտնի է Ֆրենք Սինադրայի կատարմամբ, բայց զայն առաջին անգամ հանրութեան դատին ներկայացուց Լայզա Մինելին: Երգը գրուեցաւ Մարթին Սքորսեզէի «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք » ֆիլմի համար: Ջոն Քետերին եւ Ֆրետ Էպպին՝ երգի հեղինակներուն պատուիրեցին գրել երգ ֆիլմի համար :
Հեղինակները կը պատմեն, որ երգը գրուած է բարկացած ժամանակ, երբ ցասումը հասած է իր գագաթնակէտին»: Հարցը այն է, որ ֆիլմի բեմադրիչ Սքորսեզէն հեղինակներուն կը պատուիրէ գրել 5 երգ, ինչպէս նաեւ Ֆիլմի գլխաւոր թեման: Երբ հեղինակները երգերը կ’աւարտեն, զանոնք ցոյց տալու համար կու գան բեմադրիչի եւ գլխաւոր դերակատարներու հետ հանդիպման։ Դերասաններ Լայզա Մինելին եւ Ռոպերթ Տենիրոն չեն հաւանիր երգը՝ զայն անուանելով «չոր»: Տենիրոն նոյնիսկ հեղինակներուն կը խնդրէ վերանայիլ երգը եւ դարձեալ գրել զայն: Անոր կարծիքով երգը պէտք է ըլլայ աւելի «հզօր»: Հեղինակները կը վիրաւորուին ինքնահաւան դերասանի մեծամիտ դիտողութենէն: Զիրենք կը վրդովեցնէ այն փաստը, որ երիտասարդ դերասանները իրենց գրել կը սորվեցնեն: Անոնք բարկութեամբ լեցուած կը փոխեն երգը գրեթէ ամբողջապէս: Աւելի ուշ Էպպ կը խոստովանի, որ Տենիրոն իրաւացի էր, եւ եթէ ան չստիպեր երգի մէջ փոփոխութիւններ ընել, արդիւնքը այդքան յաջող չէր ըլլար:
Երգը կատարեց Լայզան: Ֆիլմը յաջողութիւններ չունեցաւ, բայց Լայզան կը շարունակէր զայն երգել իր համերգներու ժամանակ:
Երգը իր յայտնիութիւնն ու երկրորդ շունչը ստացաւ երբ զայն վերաերգեց Ֆրենք Սինադրան, ով յայտնի էր որպէս 60-ականներու երգերու վերաերգող եւ վերակենդանացնող երգիչ: Սինադրան, սակայն, երգի մէջ փոխեց մի քանի տող: Էպպ կը խոստովանի, որ թէեւ փոխուած բառերուն հեղինակն ինքը չէ, բայց ան շնորհակալ է Ֆրենքին, որ ինք երգը դարձուց այդքան հանրաճանաչ:
Երգի մասին մի քանի հետաքրքրական փաստեր կան.
«Նիւ Եորք Եանքիզ» պէյսպոլային ակումբի երզրափակիչ խաղերուն ժամանակ միշտ կը հնչէր «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» երգը: Եթէ ակումբը կը յաղթէր՝ կը հնչէր Սինադրայի կատարմաբ, եթէ պարտուէր՝ Լայզա Մինելիի կատարմամբ: Այս հանգամանքը վերջ ի վերջոյ յանգեցուց անոր, որ Մինելիի համակիրները սկսան վրդովիլ եւ բազմաթիւ բողոքներու եւ դժգոհութիւններու արդիւնքով այս աւանդոյթը դադարեցաւ:
1990 թուականին, Սինադրան իր 75 ամեակի առիթով կազմակերպուած համերգի ժամանակ այս երգ կատարեց Լայզայի հետ միասին, անակնկալ ընելով համակիրներուն:
Ամէն տարի Նոր Տարիին, ժամը 00:00-ին «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք »-ը կը հնչէ Թայմ-Սքուերի մէջ: Անիկա ոչ պաշտօնապէս դարձած է Նիւ Եորքի Նոր Տարուայ քայլերգը, ազդարարելով նոր տարուայ սկիզբը:
Երգը կը հնչէ նաեւ համաշխարհային յայտնիութիւն ստացած, մեծերու եւ փոքրերու սիրելի «Մատակասքար» մանկական շարժապատկերի մէջ: