Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» Շքանշանով Պարգեւատրեց Արուեստագէտ Գրիգոր Ակոբեանը

Այսօր՝ Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Դպրեվանքի հանդիսասրահին մէջ, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց նկարչական արուեստին մէջ նուաճումներ արձանագրած Գրիգոր Ակոբեանը։

Այս առիթով արուեստագէտին տուած իր Սրբատառ Կոնդակին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Հոգեկան ուրախութիւն է Մեզի համար լուսարձակի տակ բերել Ձեր անձն ու վաստակը, ընդհանրապէս արուեստի ու յատկապէս գեղանկարչութեան մարզէն ներս։ Արդարեւ, Դուք որպէս արուեստագէտ ծանօթ էք ոչ միայն մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ՝ օտարներուն։ Ձեր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները Լիբանանի մէջ ապրելէ յետոյ, Ձեր համալսարանական ուսումը ստացաք Քանատայի մէջ։ Երիտասարդ տարիքին մուտք գործեցիք նկարչական արուեստէն ներս։ Աւելի քան 250 ցուցահանդէսներու մասնակցեցաք եւ 60 անձնական ցուցահանդէսներ կազմակերպեցիք Լիբանանի, Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներէն ներս։ Արժանացաք գնահատականներու ու մրցանակներու։ Ձեր ստեղծագործութեան առընթեր նաեւ դասախօսեցիք նկարչական բնագաւառին առնչուած նիւթերու շուրջ։ Ձեր արուեստին մէջ հայութիւնը իր արժէքներով ու ձգտումներով, իր տառապանքով ու երկունքներով մնաց տիրական ներկայութիւն»։

Հանդիսութեան ընթացքին տուտուկով հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Օշին Աբղ. Չուալերթանեան։ Ապա, յաջորդաբար խօսք առին Համազգայինի հրատարակչական բաժնի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան եւ արուեստի քննադատ Դոկտ. Քլոտ Ռահայէլ։ Անոնք վեր առին Ակոբեանի արուեստին յատկանիշերը՝ ընդգծելով նկարչական մարզէն ներս վերջինիս իւրայատուկ արուեստին կարեւոր ներկայութիւնը։

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ արուեստագէտ Ակոբեան եւ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան իր նկատմամբ եղած բարձր գնահատանքին համար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին