Չորեքշաբթի, 16. 10. 2024

spot_img

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան Ժողովին Մասնակցեցաւ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդը Ներկայացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը

16-19 Յուլիս 2019-ին, Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութիւնը իր տարեկան հերթական ժողովը գումարեց Քամպոտիոյ մայրաքաղաք Փնոմ-Փէնի մէջ:

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը կ՚ընդգրկէ Ասիոյ բոլոր եկեղեցիները, որոնք կը գործեն աւելի քան 27 երկիրներու մէջ, ներառեալ Իրանը: Իրանի հայոց եկեղեցին 2010 թուականի Ապրիլ ամիսէն սկսեալ մաս կը կազմէ այս խորհուրդին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ անոր աշխատանքներուն: Յայտնենք, որ 2018-ի Յուլիսին սոյն խորհուրդի Գործադիր Վարչութիւնը իր տարեկան ժողովը գումարեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տնօրինութեամբ եւ հրաւէրով Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի: Սրբազանը 2010-էն սկսեալ Գործադիր Վարչութեան անդամ է:

Քամպոտիան 20-րդ դարու երկրորդ կէսին քաղաքական ծանր վիճակներէ անցաւ եւ կոմունիստական արեւելում ունեցող կարմիր քամերներ անունով խմբակցութիւնը, իշխանութեան տիրանալով մօտաւորապէս երկու միլիոն անմեղ քաղաքացիներ, յատկապէս մտաւորականներ, բժիշկներ, ուսուցիչներ, համալսարանականներ եւ ականաւոր քաղաքացիներ սպանդի, ջարդի, այլ խօսքով ցեղասպանութեան ենթարկեցին:

Երեքշաբթի, 11 Յուլիսին ժողովը առաւօտեան պաշտամունքով սկսաւ իր աշխատանքը: Ժողովի ատենապետ Ուիլիըմ Սիմարմաթա Արքեպիսկոպոսը ջերմօրէն ողջունեց ներկաները եւ իր ցաւը յայտնեց, որ անցեալ տարի չէր կրցած մասնակցիլ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած ժողովին, այնուամենայնիւ խնդրեց փոխ-ատենապետ Վեր. Տիանա Տանայէն վարելու նիստերը:

Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Մաթիւ Ժորժ Շունաքարան ներկայացուց իր տարեկան տեղեկագիրը: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ խորհուրդի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու գործունէութեան, եկեղեցական-բարոյական հարցերու եւ այդ ուղղութեամբ կազմակերպած համագումարներուն, երիտասարդութեան կապուած հիմնահարցերուն, ինչպէս նաեւ Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի մնայուն կեդրոն ունենալու հարցին: Արծարծուած հարցերուն շուրջ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում։ Այս առիթով եղած հարցերուն ընդհանուր քարտուղարը տուաւ լուսաբանիչ պատասխաններ: Ժողովի այլ կարեւոր հարցերէն էր 2020-ին տեղի ունենալիք Խորհուրդի 15-րդ համաժողովը: Խօսուեցաւ համաժողովի հաւանական եւ յարմարագոյն թուականի, վայրի եւ թեմայի հետ կապուած հարցերու մասին:

 

Ընդհնաուր քարտուղարի զեկոյցի քննարկումէն եւ զայն վաւերացնելէ ետք Սեպուհ Սրբազանը ժողովականներուն փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները:

Առաջին օրուան աշխատանքներու աւարտին ժողովականները այցելեցին Փնոմ-Փէնի Աւետարանական եկեղեցին, որուն պատուելին Ինք Ջուն բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ մասին: Ապա, Սեպուհ Սրբազանը յանուն ժողովականներու խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Մենք կը զօրակցինք Քամպոտիոյ ժողովուրդին, որ 1975-1979 տարիներուն ապրեցաւ իր պատմութեան ամենասեւ օրերը՝ ենթարկուելով Քամեր րուժ կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած ցեղասպանութեան: Մենք կը հասկնանք ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ մեր ժողովուրդը եւս 1915-ին ենթարկուեցաւ պատմութեան առաջին ցեղասպանութեան օսմանեան կայսրութեան կողմէ, որուն զոհ գացին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայորդիներ»: Իր խօսքի աւարտին սրբազանը ներկաները հրաւիրեց լռութեան եւ աղօթքով յիշելու հայոց եւ Քամպոտիոյ ժողովուրդներու նահատակները:

Նոյն օրը երեկոյեան պաշտօնական յատուկ ընթրիք կազմակերպուած էր, որուն ներկայ գտնուեցան Քամպոտիոյ մշակոյթի նախարարը, նախարարի տեղակալն ու Փնոմ-Փէնի եկեղեցւոյ հաւատացեալներն ու երիտասարդները:

Երեք օրերու վրայ տարածուած աշխատանքով ժողովականները հանգամանօրէն քննարկեցին խորհուրդի նիւթաբարոյական գործունէութիւնը, իրագործուած ու ապագայի ծրագիրները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին