Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից 

Խնդրայարոյց Ստորագրահաւաք Կամ` Արցախը Անկայունութեան Նախաշեմին

4 Յունիսէն խումբ մը քաղաքացիներ ստորագրահաւաք սկսած են` Արցախի Սահմանադրութեան մի քանի դրոյթներ փոխելու նախաձեռնութեամբ: Եթէ կարճ, ապա այդ ստորագրահաւաքին նպատակն է իրաւական հիմք ստեղծել, որ ՀՀ քաղաքացիները իրաւունք ստանան Արցախի մէջ առաջադրուելու նախագահի կամ պատգամաւորի թեկնածու: Նախաձեռնող խումբը նախ հարցը կը շրջանցէր, յայտարարելով, թէ այս փոփոխութիւնը անմիջականօրէն կապ չունի Արցախի Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Սամուէլ Բաբայեանի հետ, սակայն յետագայ օրերուն արդէն աւելի անթաքոյց կ’ընդգծուէր այդ հարցը: Մանաւանդ, որ վերջինիս գրասենեակները Արցախի ամենատարբեր բնակավայրերու մէջ աշխուժօրէն ներգրաւուած էին ստորագրահաւաքի գործընթացին: Նոյնիսկ, պարբերաբար միջադէպեր կ՝արձանագրուէին վերջինիս ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Արցախեան քաղաքական ուժերը, գրեթէ առանց բացառութեամբ, տարբեր ժամանակահատուածներու հանդէս եկած են զգուշութիւն եւ խոհեմութիւն ցուցաբերելու կոչերով՝ իրավիճակը Արցախի մէջ չապակայունացնելու յորդորներով: Հայաստանի Հանրապետութենէն պաշտօնական արձագանգ երկար ժամանակ չկար, հակառակ անոր, որ  շատ փորձագէտներ ի սկզբանէ կը յայտարարէին, որ Արցախի մէջ մեկնարկած ստորագրահաւաքը, ըստ էութեան, առնուազն խնդիրներ պիտի յառաջացնէ նաեւ ՀՀ-ի մէջ:

14 Յուլիսին, Ստեփանակերտի մէջ կայացած է ՀՀ եւ Արցախի ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուած է Արցախի նոր Ընտրական օրէնսգրքի նախագիծը: Համատեղ նիստին յաջորդած ճեպազրոյցի ընթացքին ալ՝ Արցախի մէջ ծաւալող ստորագրահաւաքին անդրադարձած է  ՀՀ ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեան: Անոր խօսքով, ՀՀ քաղաքացի հանդիսացող Սամուէլ Բաբայեանի՝ Արցախի մէջ նախաձեռնած ստորագրահաւաքը, իրաւական տեսանկիւնէն կը ներկայացնէ սահմանադրական խնդրայարոյց դրոյթ: «Եթէ ՀՀ  քաղաքացին  Արցախի մէջ ստանայ ընտրուելու իրաւունք՝ վերջինս պիտի ստանայ նաեւ ընտրելու իրաւունք: Հետեւաբար, ՀՀ բոլոր քաղաքացիները արցախեան ընտրութիւններուն քուէարկելու իրաւունք պիտի ունեան: Դժուար թէ հանդուրժելի ըլլայ այս իրավիճակը, երբ ՀՀ քաղաքացիները, որոնք թիւով կը գերազանցեն ԱՀ բնակչութիւնը, որոշեն, թէ ինչ իշխանութիւն պէտք է ըլլայ ԱՀ-ի մէջ: Նախատեսել եւ բաւարարուիլ միայն կրաւորական ընտրական իրաւունքով, ինչպէս  կ’առաջարկուի նախաձեռնող խումբին կողմէ, կը նշանակէ  ընդհանրապէս իրաւագիտութեան դէմ որեւէ արշաւ սկսիլ եւ կրաւորական ընտրական իրաւունք վերապահելու պարագային՝  այդ թեկնածուն հնարաւորութիւն պիտի չունենայ անոր օգտին քուէարկելու: Իրաւական տեսանկիւնէն այս մօտեցումը անթոյլատրելի է: Քաղաքական  առումով մենք ամէն վայրկեան կ’ընդգծենք ԱՀ միջազգային իրաւասու պետութեան կարեւորութիւնը: ԱՀ-ի ձայնը պէտք է լսելի ըլլայ, ան պէտք է գործուն մասնակցութիւն ունենայ իր ճակատագրի կանխորոշման, եւ այս տեսանկիւնէն մենք պէտք է ընդգծենք եւ աւելի կարեւոր դարձնենք ԱՀ քաղաքացիութեան առկայութիւնը»,- նշած է Վարդանեան:

Առաջարկը վտանգաւոր է նաեւ քաղաքական տեսանկիւնէն եւ չի տեղաւորուիր ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու արտաքին քաղաքականութեան ձեւաչափին մէջ: «Այս իրավիճակը կրնայ լուրջ խնդիրներ ստեղծել բանակցային գործընթացին համար, որովհետեւ եւս մէկ անգամ ոչ պատեհ առիթ կու տայ մեր հակառակորդներուն ներկայացնելու իրավիճակը այնպէս, որ գործ ունինք ո՛չ թէ ինքնորոշուած տարածքի, այլ ՀՀ-ին սերտաճած միաւորման հետ: Բարոյական տեսանկիւնէն ԱՀ քաղաքացիութիւնը արժէք է, եւ Արցախը պէտք է շենցնեն ԱՀ քաղաքացիութիւն ունեցող, ԱՀ-ի մէջ բնակող  եւ իրենց գործունեութիւնը ծաւալող անձեր: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութիւնը առիթ տուած է շարք մը անձերու՝ դիտարկելու իրավիճակներ, թէ իբր հնարաւոր է որոշակի շրջանակներ աշխուժացնելով ազդել սահմանադրական գործընթացներուն վրայ:  Յստակ կ’ըսեմ, որ պէտք չէ Արցախի մէջ նման փորձ ընել, որովհետեւ ՀՀ-ի մէջ մինչեւ յեղափոխութիւնը իրավիճակը բոլորովին այլ էր, եւ պէտք չէ մոռնանք, որ հանրահաւաքներ, ցոյցեր եւ երթեր կրնան իրականացուիլ միայն որոշակի չափանիշներու պահպանման պարագային»,- ըսած է ՀՀ ԱԺ պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեան:

4 Յունիսին սկսած ստորագրահաւաքը պէտք է աւարտի 18 Յուլիսին: Անկէ ետք, հաւաքած ստորագրութիւնները, նախաձեռնող խումբը պէտք է ուղարկէ Ազգային ժողով: Ազգային Ժողովը առաջարկներու սահմանադրականութիւնը ստուգելու հարցով պէտք է դիմէ Գերագոյն դատարանին: Եթէ Գերագոյն դատարանը գնահատէ, որ այդ առաջարկները չեն համապատասխաներ Արցախի Սահմանադրութեան, գործընթացը այդտեղ ալ պիտի կասեցուի: Եթէ պատասխանը դրական ըլլայ, ԱԺ-ն քվէարկութեան պիտի դնէ հարցը եւ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին երկու-երրորդի դրական քուէի պարագային՝ որոշում պիտի ընդունուի այս թեմայով հանրաքուէ իրականացնելու մասին: 

Համահայկական Խաղերու Մասնակիցներու եւ Հիւրերու Մնալու Տեղի Հարցը Լուծուած է. Խօսքը Մի Քանի Հազար Հիւրի Մասին է

Արցախի մէջ կը շարունակուին նախապատրաստական աշխատանքները` Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերուն ընդառաջ: Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 16-ին այցելած է Ստեփանակերտի մօտակայքը գտնուող «Կարկառ» զբօսաշրջային հանգստեան համալիր: Ինչպէս յայտնեցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն, երկրի ղեկավարը տեղւոյն վրայ ծանօթացած է Արցախի մէջ կայանալիք Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու ծիրէն ներս այնտեղ իրականացուող նախապատրաստական աշխատանքներուն: Նախագահը յանձնարարականներ տուած է շահագրգիռ մարմիններու ղեկավարներուն կացարանի մէջ տարուող աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ՝ կարեւորելով յարմարաւէտ եւ ժամանակակից զբօսաշրջային ցանցի առկայութիւնը մեր հանրապետութեան մէջ: Նախագահին կ’ուղեկցէին պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը, պաշտօնատար այլ անձինք:

Փաստը, որ Համահայկական խաղերու բացումն ու առաջին մի քանի օրը Արցախի մէջ պիտի իրականացուի` Արցախի զբօսաշրջային ենթակառուցուածքներուն համար ե’ւ հնարաւորութիւն է, ե’ւ մարտահրաւէր: Խնդիրը այն է, որ այդ օրերուն հիւրերու աննախադէպ մեծ թիւ կը սպասուի: Արցախի մէջ կայանալիք Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու իրականացման նպատակով Արցախի հիւրանոցները ամբողջութեամբ զբաղեցուած են: Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու  մասնակիցներն    ու    հիւրերը   ապահովուած  կ’ըլլան  մնալու  տեղերով:  Այս  մասին   ճեպազրոյցի ընթացքին ըսաւ   Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանը՝  նշելով, որ  հանրապետութեան մէջ   զբաղեցուած  է նաեւ  նախապէս  ծրագրուած   1000  հիւրատուները: Անոր  խօսքով՝ այժմ  աշխատանքներ  կ’իրականացուին  2000-2500  անձերու  տեղաւորման  հարցի  լուծման   ուղղութեամբ: «Հիւրերու  տեղաւորման   հարցի  լուծման  համար  հանրակրթական  մի  քանի  դպրոցներու  տարածքներ, ուր  կան  լուացարաններ, լոգնալու  յարմարութիւններ՝  եւս  պիտի օգտագործուին:   Հիւրերու  մէկ  մասը  պիտի տեղաւորուի նաեւ Արցախի շարք մը համայնքներու մէջ:  Այժմ  դժուարութիւններ  կան  խաղերու  ստեղծագործական  խումբի  եւ    բացման   արարողութեան  մասնակիցներու,   ինչպէս  նաեւ  կամաւորներու  տեղաւորման   առումով: Վստահ  եմ, որ այդ  հարցի  լուծման  համար  եւս    տարբերակներ կը գտնուին: Պիտի օգտագործենք  նաեւ հանրակացարանային  շէնքեր,  բանակավայրեր,  կունենանք  հիւրընկալ  տուներ  եւ այլն: Խաղերուն   մասնակից  շուրջ    5000  անձինք ապահովուած  պիտի ըլլան   օթեւանով»,- աւելցուցած  է  Իշխան Զաքարեան: Ան անդրադարձած է նաեւ  սպասարկման  ոլորտին` նշելով, որ    պէտք  է  այդ  ուղղութեամբ   աշխատանքներ  կատարել: «Խաղերու  հիմնական  մասը տեղի պիտի ունենայ  Ստեփանակերտի մէջ, իսկ  մէկ  մասն  ալ   Մարտունիի   եւ  Մարտակերտի մէջ:  Համահայկական   7-րդ  ամառնային  խաղերը բաղկացած են   17  մարզաձեւերէ, որմնցմէ միայն   վեցը տեղի պիտի ունենայ Արցախի մէջ»,-նշած  է  Իշխան Զաքարեան: Յատկապէս ֆութպոլային խաղերու զգալի մասը տեղի պիտի ունենայ հանրապետութեան շրջաններու մէջ: Մարտունի քաղաքի մէջ նոր մարզադաշտ կառուցուած է, իսկ Ասկերան եւ Մարտակերտ քաղաքներու մէջ ունեցած մարզադաշտերը վերանորոգուած, յարմարեցուած են միջազգայի պահանջներուն:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին