Երկուշաբթի, 07. 10. 2024

spot_img

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Յղի Կնկան մը Ոդիսականը . . .

Այս դէպքը պատահած է 2018 թուականի Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, Ալապամա նահանգի Պիրմինկհէմ քաղաքի մօտերը գտնուող խանութի մը առջեւ։ Հինգ ամսուան յղի Մարշա Ճոնսը (տես նկարը) թիրախ կը հանդիսանայ ատրճանաձգութեան մը, որուն դժբախտաբար զոհ կ՛երթայ իր արգանդի սաղմը։

Վերոյիշեալ առճակատումին դատավարութիւնը տեղի ունեցած է այս տարուան Յունիս ամսուան մէջ եւ եթէ կրնաք՝ կռահեցէք թէ ո՞վ դատապարտուած է որպէս յանցաւոր։ Պիտի զարմանաք երբ ձեզի ներկայացնեմ առնուած վճիռը։

Արդարեւ՝ 27 տարեկան Ճոնսը կը դատապարտուի որպէս ոճրագործ եւ կ՛առաջնորդուի բանտ, մինչ իր վրայ ատրճանակ պարպող կինը անպարտ կ՛արձակուի եւ կ՛երթայ տուն։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ թէ ինչո՞ւ Ճոնս կինը դատապարտուած է որպէս ոճրագործ։

Ան դատապարտուած է որպէս ոճրագործ՝ որովհետեւ պատճառ հանդիսացած է իր սաղմին զոհ երթալուն։ Բայց ներողութիւն, ինք չէր՝ ատրճանակ պարպողն ու իր սաղմը սպաննողը։ Ուրեմն, ինչո՞ւ յանցաւոր նկատուած է։ Ահաւասիկ դատավճիռին արդարացուցիչ պատճառաբանութիւնը։

Իբրեւ թէ ինք՝ այսինքն Մարշա Ճոնսը, ուզած է վիժում ունենալ՝ որուն համար հրահրած է դիմացի մանկամարդուհին, որպէսզի ան կրակէ իր վրայ։ Ուրեմն Մարշա անուղղակիօրէն պատճառ դարձած է իր սաղմին սպաննութեան։ Առ քեզի ամերիկեան դատական առողջ մտածելակերպ։

Բայց դատական վճիռ արձակողները կը մոռնան որ ատրճանակ պարպող մանկամարդուհին արդեօք դիտաւորեալ կերպո՞վ սաղմը սպաննած է։ Ան կրնար շատ հեշտութեամբ Մարշա Ճոնսը սպաննել, չէ՞ . . .

Ըստ ինծի, հրահրուած կամ ոչ՝ մարդասպանը պէտք չէ ազատ արձակուի եւ վերջ։ Հիմա Մարշա Ճոնսը բանտն է՝ սպասելով դատավարութեան, եւ միայն 50,000 երաշխաւորագիրով՝ ան կրնայ բանտէն դուրս սպասել իր դատավարութեան օրուան։    

Հարսնաքոյրերու (Bridesmaids) Տեղատարափը . . .

Այս դէպքը պատահած է Ֆլորիտա նահանգի Տէսթըն քաղաքին մէջ, ուր տեղի ունեցած է Քէսմի Քարթըրի պսակադրութիւնն ու ամուսնական խրախճանքը, 6 Յունիս 2019-ին։ Սակայն պէտք է նշել որ Քէսմի Քարթըր Ֆլորիտա չի բնակիր, այլ՝ Լուիզիանա նահանգի Նիւ Օրլիընզ քաղաքը։

Հոս սովորական է որ պսակադրութեան մը ընթացքին՝ կնքահօր եւ կնքամօր կողքին ըլլան երեքէն-հինգ հարսնաքոյրեր, ընկերակցութեամբ նոյն թիւով փեսեղբայրներու (groomsmen), որոնք կը կանգնին պսակուող ամոլին երկու կողմերը։

Հետաքրքրական է գիտնալ որ հարսնաքոյրերու եւ փեսեղբայրներու ներկայութիւնը՝ պսակադրութեան եւ անոր յաջորդող ամուսնական խրախճանքի ընթացքին խորհրդանշական է միայն, քանի անոնք որեւէ շօշափելի պարտականութիւն մը չունին ընելիք . . .

Նոյն է պարագան՝ այսինքն զուտ խորհրդանշական, մէկէ աւելի կղերականի եւ կամ տեղւոյն Թեմական Առաջնորդին մասնակցութիւնը, պսակադրութեան ընթացքին։ Պսակադրութիւնը մէկ քահանայով ալ կ՛ըլլայ, սակայն ոմանք կը սիրեն ցուցամոլութիւնը եւ վերջ։

Վերադառնալով մեր վերոյիշեալ հարսին՝ Քէսմի Քարթըրին, ան որոշած է ունենալ 34 հարսնաքոյրեր (տես նկարը), որոնց վեցը իր հարազատ քոյրերն էին։ Հապա մնացեալ 24-ը՞, անոնք ալ իր բարեկամուհիներն էին։ Կ՛երեւի թէ մեր գերզգայուն եւ փափկանկատ հարսը չէ ուզած իր բարեկամուհիներէն որեւէ մէկը նեղացնել, ուստի բոլորն ալ հրաւիրած է մասնակցելու այդ ոչ-անհրաժեշտ պարտականութեան!

Քէսմի Քարթըր նոյնիսկ ապսպրած է իր հարսնաքոյրերուն՝ որ պաշտօնական իրենց հագուստներու կողքին բերեն նաեւ լողալու յատուկ զգեստներ, քանի պսակադրութենէն վերջ բոլորն ալ պիտի վայելեն Ատլանտեան ովկիանոսի տրամադրած խաղաղ, ջինջ եւ կապտագոյն  ջուրը՝ լողալու համար։

Թերեւս տեղին է որ 34 հարսնաքոյրերու այս պարագան մրցանիշ հաստատուի եւ գրանցուի Guinness Books of Records-ի արձանագրութեանց մէջ, չէ՞ք խորհիր . . .

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին