Ուրբաթ, 14 յունիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Աւետ. Գոլէճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:
Լիբանանի ու Հայաստանի զոյգ քայլերգերուն ունկնդրութենէն ետք, մանկապարտէզի աշակերտները իրենց մանկական անմեղ ու նուրբ ձայնով երգեցին ու փառաբանեցին զԱստուած:
Յաջորդաբար բեմ բարձրացան ծիլ, բողբոջ, կոկոն ու ծաղիկ դասարաններու աշակերտները, որոնք իրեց գունագեղ տարազներով, ճոխ ու խանդավառ պարերով ,երգերով եւ արտասանութիւններով խանդավառեցին մթնոլորտը ու հանդիսատեսները ակամայ փոխադրեցին կրկէսի երեւակայական աշխարհ:
Գեղարուեստական բաժնի աւարտէն ետք, տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի եւ մանկապարտիզպանուհի օրդ. Յասմիկ Թորոսեանի ձեռամբ վկայական ստացան ծաղիկ դասարանի աշակերտ- աշակերտուհիները:
Վկայականներու բաշխումէն ետք, տնօրէնը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի անձնակազմին, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալական խօսք փոխանցեց ծնողներուն, որոնք իրենց սիրասուն զաւակները վստահած են Հայ Աւետ. Գոլէճի կրթութեան ու դաստիարակութեան:Ան իր խօսքին մէջ նշեց ,թէ Հայ Աւետ. Գոլէճը 96 տարեկան է բայց միշտ երիտասարդ կը մնայ այս մանուկներուն շնորհիւ, որոնք իրենց գոյնով ու բոյրով յաւելեալ եռանդ ու երանգ կու տան վարժարանին:
Դոկտ. Ււրնէշլեան իր խօսքը ուղղելով փոքրիկ շրջանաւարտներուն, յաջողութիւն ու բարի երթ մաղթեց անոնց դէպի յաջորդ փուլ: Ան իր խօսքին աւարտին հրաժեշտի ու բարեմաղթութեան յատուկ խօսք մը փոխանցեց այն շրջանաւարտուհիին որ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի բաժնուի իր դասընկերներէն ու արմատները պիտի նետէ հայրենի հողին վրայ:
Հայ Աւետ.Ա.եկեղեցւոյ հովիւ վեր.Հրայր Չոլաքեանի օրհնութեան աղօթքով վերջ գտաւ հանդէսը:
Վկայական ստացան Հրակ Թերզեան, Սերենա Հատտատ,, Քամի Սաչլեան եւ Ռիթա-Մարիա Պաշքճեան: