Տեղի Ունեցաւ Ներլիբանանեան Քաղաքական Եւ Ընկերատնտեսական Հարցերու Շուրջ Միատեղ Քննարկում
Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2019ի յետմիջօրէին Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պէյրութի կեդրոնատեղիին մէջ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի եւ Փաղանգաւոր Կուսակցութեան ղեկավարութեանց միջեւ:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորեց ընկ. Սեւակ Յակոբեան, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Արա Գոյունեան եւ Վիգէն Թոսունեան:
Փաղանգաւորներու կուսակցապետ՝ Սամի Ժըմայէլի կողքին հանդիպման ներկայ էին երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, Նազար Նաճարեան եւ Փիեռ Ժալըխ:
Հանդիպումը խորհրդակցական բնոյթ ունէր, որուն ընթացքին քննարկուեցան ներլիբանանեան քաղաքական Եւ ընկերատնտեսական հարցեր:
Կողմերը համաձայնեցան մնալ մշտական կապի եւ համակարգումի գործընթացի մէջ յօգուտ Լիբանանի եւ լիբանացի ժողովուրդին գերագոյն շահերուն:
Աւարտին ընկ. Յակոբեան ելոյթ ունեցաւ ներկայ թղթակիցներուն առջեւ:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան