spot_img

Ժաաժաա Պասիլը Կը Մեղադրէ Կառավարութեան Գործունէութիւնը Խափանելու Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժաաժաա, Կիրակի օր, Ազգային Ազատ հոսանքի առաջնորդ, արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլին կոչ ըրաւ դադրեցնելու «լարուած հռետորաբանութեամբ ելոյթները»՝ մեղադրելով զինք կառավարութեան աշխատանքները խափանելու մէջ:

«Պասիլ մեզ 50 տարի ետ տարաւ՝ ամէն ինչ քննարկելով սեւ սրտով եւ կրկին լարուածութիւն յառաջացնելով»,- ըսաւ Ժաաժաա:

Անոր այդ մեկնաբանութիւնը յաջորդած էր Շաբաթ օր Թրիփոլիի մէջ Պասիլի ունեցած ելոյթին։ Արտաքին գործոց նախարարը, իր ելոյթին ընթացքին, հարուածած էր Ալէյի դէպքերէն մէկ շաբաթ անց Հիւսիսային ափամերձ քաղաքը շրջելուն համար իրեն հասած քննադատութիւնները։

«Հակամարտութիւնը չի ձգեր Թրիփոլի այցելեմ: Անիկա կը խոչընդոտէ իմ եւ Ազգային Ազատ հոսանքի Թրիփոլի գալուն»,- ըսած է ան՝ շեշտելով, որ Ազգային Ազատ հոսանքը չէր նախկին վարչապետը սպաննողը, որ Թրիփոլիէն էր։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին