Երկուշաբթի, 13. 04. 2026

spot_img

Քանաան. Յանձնաժողովը Պիւտճէին Վերաբերեալ Վերջին Նիստը Պիտի Գումարէ Այս Շաբթուան Սկիզբը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ  – Խորհրդարանի ելեւմուտքի եւ պիւտճէի հարցերու յանձնաժողովի նախագահը յայտնեց, թէ պիւտճէին վերաբերեալ վերջնական լսումները պիտի կայանան այս շաբթուան սկիզբը:

Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտարարեց, որ յանձնաժողովը, որ 10 Յունիսէն ի վեր  պարբերաբար կը գումարէր նիստեր՝ նուիրուած 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծի ուսումնասիրութեան, այսօր կամ Երեքշաբթի պիտի գումարէ իր վերջին նստաշրջանը, որմէ ետք օրինագիծը պիտի փոխանցէ Խորհրդարան:

«Ելեւմուտքի եւ պիւտճէի հարցերու յանձնաժողովը աւարտած է ամէն ինչ, բացառութեամբ այն յօդուածներուն եւ յատկացումներուն, որոնք յետաձգուած էին»,- ըսած էր Քանաան, Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք:

Նշեալ հանդիպման ժամանակ Քանաան հաստատած էր, որ պիւտճէն կրնայ պակասուրդը կրճատել մինչեւ համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) 7.59 տոկոսի սահմաններուն, եթէ կառավարութիւնը համագործակցի:

2019-ի Պետական ​​պիւտճէի նախագիծը, որ արդէն հաստատուած է կառավարութեան կողմէն, կը ներառէ պետական ​​ծախսերու եւ հարկերու աճի կրճատումներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին