Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Բացուեցաւ «ՈՎԱՍԻՍ» 2019-ը` Մեսրոպեանի Ամառնային Ծրագիրը (լուսանարներ)

3 Յուլիս 2019ի առաւօտուն, խանդավառ մթնոլորտի մէջ, կայացաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագրի բացումը, ներկայութեամբ մասնակիցներուն եւ անոնց ծնողներուն:

Բացման առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Մեսրոպեանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ վստահութիւն յայտնեց, որ ինչպէս անցած 20 տարիներուն, այս տարի եւս «Ովասիս»ը լիուլի պիտի գոհացնէ ամառնային ուրախ եւ օգտակար ժամանց վայելելու մասնակիցներուն ակնկալութիւնը:

«Ովասիս»ը դաստիարակչական  ժամանցի ծրագիր է, ուղղուած մանուկներու եւ 

պատանիներու: Անիկա 21րդ  տարին ըլլալով կ՛ապահովէ ամառնային արձակուրդի հաճելի ե օգտակար միջավայր՝ մանուկներու եւ պատանիներու համար: Ցարդ «Ովասիս»ին մասնակցած է աւելի քան  4000 հոգի:

«Ովասիս» 2019-ը պիտի տեւէ մինչեւ  23 Օգոստոս եւ եզրափակուի աւանդական հանդէսով: 

Ովասիսականներու օրը կը սկսի առաւօտեան ժամը 8:30ին եւ կ՛աւարտի  կէսօրուան ժամը 2:00-ին: Այս տարուան ծրագրին մէջ

եւս ներառնուած են ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, կաւագործութիւն, համակարգիչ, ֆիլմի ցուցադրութիւն, ֆութպոլ, պասքէթպոլ, երգ, մարտարուեստ, հեծանիւ, աճպարարութիւն, խոհանոց, խամաճիկ, դաստիարակչական խաղեր, կրօնագիտութիւն, պտոյտներ եւ մարզական օր: Գլխաւոր նորութիւններէն մէկն է SEMAS-ը, որ պատանիներուն կը վարժեցնէ մտովի կատարել թուաբանական հաշւումներ:

 

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին