Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Ին Տի Էյր Թունայթ – Ֆիլ Քոլինզ (In The Air Tonight- Phil Collins) (լուսանկարներ, տեսերիզ)

Երգի Մը Պատմութիւնը – 22 –

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

         In The Air Tonight երգը բրիտանացի երգիչ եւ երաժիշտ Ֆիլ Քոլինզի առաջին երգն էր, որ ան ձայնագրեց իբրեւ մենակատար երգիչ։ Մինչ այդ ան կը հանդիսանար Ճենըսիս / Genesis/ խումբի անդամ։ Երգը, անոր բոլոր երգերուն մէջ, երեւի թէ, ամենագլխաւորն ու ճակատագրականը եղաւ։ Նախ՝ անիկա գլխաւորեց բրիտանական հիթ-շքերթը, Ֆիլը յայտնի դարձնելով իբրեւ առանձին երգիչ, այնուհետեւ՝ բազմաթիւ անգամներ օգտագործուելով տարբեր ֆիլմերու եւ դրուագաշարերու մէջ՝ նոր շունչ առնելով, կը  վերադառնար քանի մը տարին անգամ մը։ Երգը ձայնագրուեցաւ 1981 թուականին։ Անոր ստեղծման հետ կապուած բազմաթիւ առասպելներ կան, որոնք մարդկային երեւակայութեան վառ արդիւնքն են։ Երգիչը երգին մէջ գործածած է «Եթէ ինծի ըսես, որ կը խեղդուիս, ես ձեռքս չեմ երկարեր․․․» արտայայտութիւնը, որն ալ մարդոց վառ երեւակայութեան ու առասպելներու առիթ տուած է։ Անոնցմէ ամենայայտնիներէն մէկն է այն պատմութիւնը, թէ իբր թէ Ֆիլը տեսած է, թէ ինչպէս կը խեղդուի իր ընկերը եւ ափին կանգնած մարդ մը, տեսելով՝ չ՝օգներ անոր։ Իսկ երկրորդ պատմութիւնը, իբր թէ Ֆիլը տեսած է, թէ ինչպէս ջուրին մէջ կը խեղդուի այն մարդը, որ նեղացուցած էր իր կինը եւ չէ օգնած՝ ջուրէն դուրս հանելու զինք։ Այս բոլոր յօրինուածքները, ի հարկէ, ոչ մէկ կապ ունին իրականութեան հետ։

            Երգին ստեցծումէն 2 տարի առաջ՝ Քոլինզ կը վերադառնայ համերգային շրջագայութենէն եւ կ՝իմանայ, որ իր կինը հեռացած է իրմէ։ Երգին հիմքը անոր կեանքի` նոյնինքն այս ժամանակաշրջանի ապրումներն են։ «Եթէ ինծի հարցնէք՝ ինչի՞ մասին է երգը, ես պիտի ըսեմ՝ չեմ գիտեր։ Ասիկա իմ բոլոր երգերուն միջէն այն միակն է, որ ես, իսկապէս,  չեմ գիտեր, թէ ինչի մասին է։ Անիկա գրուած է մէկ շունչով, մէկ անգամէն։ Բայց մինչ այդ պահը կը հասուննար, գրեթէ երկու տարի մէջս կը կուտակուէին ու կ՝եռային բարկութիւնը, հիասթափութիւնը, վիրաւորանքը, մաղձը։ Ոեւէ մէկը, բացի ինձմէ, չէր հասկնար։ Ես կը ստիպէի ես ինծի յաղթահարելու մէջս կուտակուած այդ քաոսը։ Ոչ մէկը կրնար գտնել այն ճիշդ խորհուրդը, կամ բառը, որ պիտի սփոփէ կոտրուած, հիասթափուած, ապրելու հետաքրքութիւնը կորսնցուցած մարդու հոգին ու ներաշխարհը։ Ես բազմաթիւ անքուն գիշերներ անցուցած եմ կռուելով անձիս հետ, կռուելով ու չհաշտուելով իրականութեան հետ։ Յարաբերութիւններուն մէջ միշտ 2 հոգի են, եւ երբ մէկը միայնակ կ՝որոշէ երկուքին ճակատագիրը, ատիկա կը կոտրէ ու կը հիասթափեցնէ, բայց առաւել՝ կը կուտակէ բարկութիւն ու անզօր ըլլալու զգացողութիւն եւ դուն կը սկսիս կռուիլ ողջ աշխարհի դէմ, ամէնուն դէմ, դուն քու դէմդ՝ փնտռելով սփոփանք կամ՝ այն զգացողութիւնը, որ կու գայ ու կը լեցնէ դատարկած ու ճաքեր տուած հոգիդ»,- կը պատմէ Ֆիլը։

            «Ես քանի մը աքորտներու յաջորդականութիւն ունէի, որ ինծի համար շատ հաճելի էր։ Պարբերաբար կ՝անդրադառնայի անոնց ու կը փորձէի մեղեդի գրել ու ամբողջացնել, բայց չէր ըլլար։ Ես տրամ-սարքին վրայ հարուածային գործիքներու մասը ձայնագրեցի, յետոյ աւելցուցի պաս կիթառի ձայնաբաժինը։ Երգը գրելու պահուն ունէի այս նախաբան-նախաաշխատանքային կմախքը։ Այդ օրը արուեստանոցին մէջ քանի մը անգամ ես պարզապէս «ժամանակ  կ՝անցնէի» կիթառովս եւ այս սեւագիրով, երբ զգացի, որ բառերն ու մեղեդին կը յորդին իրենք իրենց։ Անմիջապէս ձայնագրեցի երգը։ Ես վստահաբար կրնամ ըսել, որ երգի 99,5 տոկոսը գրած եմ մէկ անգամէն։ Երգը գրուած է ինքն իրեն։ Եւ ուրախ եմ, որ ոչ մէկ բառ փոխելու կարիք եղաւ»,- կը պատմէ Ֆիլը երգի ստեղծման մասին։

            Երգը ձայնագրելէ ետք, բացի բրիտանական հիթ-շքերթներէն, մտաւ տարբեր երկիրներու առաջատար հիթերու ցուցակին մէջ, իսկ երգին տեսահոլովակը՝ MTV հեռուստաընկերութեան հեռարձակման առաջին իսկ օրէն՝ աշխոյժ էր անոր եթերներուն մէջ։ 

            Հետաքրքրական են քանի մը փաստ երգի մասին, օրինակ՝ այն, որ երգի բառերը Քոլինզը արագ գրի առնելու համար զայն գրած է պատի՝ պատռուած պաստառի վրայ։ Երգը, բացի ֆիլմերէն եւ դրուագաշարերէն, հնչած  է նաեւ Տայըրի Միլք տուրմի գովազդին մէջ։ Իսկ GTA Vice City Stories  համակարգչային խաղին մէջ, նոյնիսկ կայ դրուագ մը, ուր համերգին ժամանակ պէտք է փրկել Քոլինզը, եւ մակարդակը յաջող յաղթահարելու պարագային՝ կարելի պիտի ըլլայ լսել երգը։

            Հակառակ բոլոր այս յօրինուածքներուն եւ հրաշապատումներուն, երգը շատ խորքային զգացողութիւններու մասին է, եւ այդ է երեւի պատճառը, որ երգիչը թոյլ տուած է այս զրոյցներու եւ առասպելներու տարածումը, որպէսզի կարենայ անոնց միջոցով քօղարկել երգի իրական ապրումներուն ու զգացողութիւններուն պատճառը։

            «․․․ես գիտեմ լռութեանդ գինը ․․․

               Ցաւը նոյնն է ,

               Թէեւ կը քօղարկես պատճառը․․․

             Ու գաղտնիք չէ այդ  

            Ոչ ինծի, ոչ քեզի համար․․․»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին