Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ Այցելեց Թէքէեան Կեդրոն

Երկուշաբթի, 1 Յուլիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:30ին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան էլիաս Հանքաշ այցելեց Թէքէեան կեդրոն հանդիպում մը ունենալու ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան: Երեսփոխանին կ՛ընկերակցէին Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական պիւրոյի եւ երետասարդական միաւոր

Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու ներլիբանանեան վերջին զարգացումները, ի մասնաւորի՝ Պուրճ Համուտի աղբավայրի հարցը, Մեթնի շրջանի մէջ տեղադրուելիք բարձր հոսանքի սիւներու վտանգաւոր պարագան եւ տակաւին քննարկումի մէջ եղող կառավարութեան պիւտճէի  թնճուկը:

Կողմերը համաձայնեցան, արծարծուած նիւթերու հարցով մօտէն գործակցիլ: Այս առիթով յարգելի երեսփոխանը Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժըմայէլի անունով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը հրաւիրեց փոխադարձ այցելութեան իր կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ:

Էլիաս Հանքաշ, կուսակցապետ Սամի Ժըմայէլի անունով ՌԱԿի Լիբանանի շրջանակը հրաւիրեց մօտերս Պիքֆայյայի մէջ տեղի ունենալիք Հայ արուեստին նուիրուած փառատօնի մը:

Տեղեկատուական Գրասենեակ

ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ Շրջանային Վարչութեան

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին