Երեքշաբթի, 18. 03. 2025

spot_img

Սուրիական Օդային Պաշտպանութեան Համակարգերը Դէմ Դրին Իսրայէլեան Հրթիռներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Երկուշաբթի, 1 Յուլիսի առաջին ժամերուն, սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին իսրայէլեան պատերազմական օդանաւերու արձակած հրթիռներուն։ ՍԱՆԱ լրատուական գործակալութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ հրթիռները լիբանանեան տարածքները հատելով կ՚ուղղուէին Հոմսի եւ Դամասկոսի շրջակայքի սուրիական զինուորական կեդրոններ։

Ներկայ պահու տուեալներով արձանագրուած են քաղաքային երկու զոհ,— որոնցմէ մին նորածին մանուկ մըն է,— եւ 19 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին