Երգի Մը Պատմութիւնը – 21 –
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Շատ յուզիչ, զգացումներով լի երգ մը, որ ողջ աշխարհին ստիպեց յուզուիլ զայն լսելու ժամանակ եւ նոյնը կը շարունակէ ընել մինչ օրս: Ատէլ երգը գրելու ժամանակ անոր մէջ ամբողջութեամբ արտացոլած է իր ապրումներն ու ներաշխարհը: Երգի խօսքերը, զոր գրած է երգչուհին անձամբ, իր ներսը կուտակուած ըսելիքն էր սիրեցեալին, որուն հետ յարաբերութիւնները ընդհատուած էին շատ ցաւալիօրէն Ատէլի համար:
Երգչուհին երկարատեւ եւ բուռն սիրավէպ ունէր լուսանկարիչ Ալեքս Սթարըքի հետ: Անոնք ծանօթացած էին ընդհանուր ընկերներու միջոցով եւ անմիջապէս հասկցած, որ իրենց միջեւ կայ ձգողական անտեսանլի կապ մը, զոր հնարաւոր չէր բացատրել: Անոնք ողջ օրը միասին կ’անցնէին: Ալեքսը նոյնիսկ տեղափոխուած էր ապրելու Ատէլի բնակարան: Երգչուհին բուռն ու անմնացորդ սիրով կը սիրէր Ալեքսը, որ, սակայն չէր շտապեր օրինականացնել իրենց յարաբերութիւնները: Ան շրջագայութիւններու ժամանակ կ’ուղեկցէր երգչուհիին որպէս պաշտօնապէս լուսանկարիչ եւ չէր ներկայանար որպէս սիրեցեալ: Այս հանգամանքը հոգեպէս կը ճնշէր երգչուհին: Ան չէր հասկնար պատճառը, որ կը ստիպէր սիրեցեալին հրաժարիլ համատեղ ապագայ կեանքէն եւ զայն օրնականացնելէն: Վերջ ի վերջոյ անոնց սիրավէպը ընդհատեցաւ Ալեքսի հեռացումով եւ Ատէլի փշրուած սպասելիքներով, կոտրուած հոգիով եւ վէրքերէն ցաւող ներքաշխարհով:
Երգի ստեղծման մասին անոր համահեղինակ Տէն Ուիլսոնը կը պատմէ .« Ես Ատէլին հանդիպեցայ հոլիուտեան «Հարմոնի» արուեստանոցի մէջ, ուր զիս անոր հետ աշխատելու հրաւիրած էր արտադրող Րիք Ռուպինը; Ատէլը եկաւ արուեստանոց, երգի առաջին տունի բառերն ու մեղեդիի մէկ մասը արդէն ունենալով: Հարմոնին բարձր առաստաղներով փոքր արուեստանոց է, ուր Եամահա դաշնամուր մը կայ եւ հիանալի հնչողութիւն: Ես նստեցայ դաշմանուրի մօտ ՝ փորձելով պարզապէս ներդաշնակել անոր մեղեդին, որ դարձաւ անոր հիմնական հնչողութիւնը հետագային: Երբ Ատէլը երգեց երգի առաջին տողերը, ես հասկցայ, որ այս ըսելիքով եւ անոր հզօր ձայնի շնորհիւ աներեւակայելի բան մը պիտի ստացուի, եւ կը զգայի, որ դաշնամուրը միակ գործիքն է, որ պիտի ուղեկցի անոր մետաղական հզօր, բայց եւ միեւնոյն ժամանակ քնքուշ ձայնին: Այդպէս ալ եղաւ: Չհաշուած այն ժամանակը, զոր Ատէլը անցուցած է անկողինի ծայրին նստած ստեղծագործելով, երգի վրայ աշխատեցանք ընդամէնը երկու օր: Ապա ձայնագրեցինք: Հետաքրքրական է, որ արտադրուեցաւ նոյն այս ՝ նմուշը»:
«Մենք բաժնուեցանք, երբ Ալեքսը հեռացաւ ըսելով, որ լուրջ յարաբերութիւններու պատրաստ չէ եւ առաւել եւս պատրաստ չէ երկարատեւ համատեղ կեանքի: Պատկերացուցէք ինչ կրնային զգալ ես երբ իմացայ, որ ան նշանուած է մի քանի ամիս անց եւ կը պատրաստուէր ամուսնանալ: Իմ աշխարհը փուլ եկաւ: Հոգիս կոտրուած էր, սիրտս կոտրուած էր, սպասելիքներս ՝ փշուրներու վերածուած, ընելիքս՝ անյայտ: Ես գիտէի միայն որ կ’ուզեմ անոր ըսել ամէն ինչ կը զգամ, բայց ինչպէ՞ս: Վիրաւորանքն ու ցաւը կը ճնշէին զիս: Կ’ուզէի տիրապետել ինծի եւ ցոյց տալ ինքզինքիս, անոր ու մնացած աշխարհին, որ կրնամ ապրիլ եւ կրնամ զօրաւոր ըլլալ ու յաղթահարել դժոխային հոգեվիճակը, որ ունէի: Երկինքը փլած էր գլխուս: Աշխարհը շրջուած էր գլուխն ի վար: «Մի մտահոգուիր, ես կը գտնեմ քեզ նման մէկուն ….» ,- այս տողերէն սկսաւ ամէն բան»,- կը յիշէ Ատէլը:
Երգը մտաւ Ատէլի « 21» ալպոմի մէջ: Գլխաւորեց բրիտանական, ամերիկեան, աւստալական, իտալական, իռլանտական երաժշտական հիթ-շքերթները: Դարձաւ ամերիկեան Պիլպորտ Հոթ 100 հիթ շքերթի առաջատարը: 2012-ին երգը ստացաւ Կրեմմի մրցանակ լաւագոյն փոփ կատարում անուանակարգով:
Երգի հոլովակը նկարեց անգլիացի ռեժիսոր Ճէյք Նաւան՝ Փարիզի մէջ: Հոլովակն ալ, երգին նման առաւելագոյն պարզութեամբ է:
Հետաքրքրական է այն փաստը, որ երգը լսելու ժամանակ կը յուզուին եւ կ’ուլան գրեթէ բոլորը, անկախ անկէ թէ լսողը կին է կամ տղամարդ: Հաւանաբար, որովհետեւ երգը չափազանց անկեղծ է եւ իւրաքանչիւրը կը գտնէ անոր մէջ իր կեանքին ու մտքերուն բնորոշ բան մը, որ կը ստիպէ ապրիլ երգը՝ կարծես ապրելով սեփական զգացողութիւնները:
«… երբեմն սէրը կը յարատեւէ.
երբեմն ալ` կը ցաւցնէ»
“ ….Sometimes it lasts in love
But sometimes it hurts
instead….”