22 Յունիս 2019-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներուն, ծնողներուն եւ բարեկամներուն համար եղաւ յիշարժան ու գեղեցիկ օր մը, զոր պարգեւեցին վարժարանի արուեստի եւ մարմնամարզի խմբակները՝ իրենց տարեկան եզրափակիչ ելոյթով: Անիկա եղաւ Մեսրոպեանի յարկին տակ տարեվերջի 10-րդ հանդէսը, որմով փակուեցաւ վարժարանի յոբելենական տարին:
Մեսրոպեանի շրջափակը ամբողջութեամբ լեցուցած մեծաթիւ ներկաներուն առջեւ, արուեստի եւ մարմնամարզի խմբակներու աշակերտները ներկայացուցին երգերով, պարերով եւ մարմնամարզի տարբեր տեսակներու ցուցադրութեամբ յագեցած ծրագիր մը, որ տեւեց մօտ մէկ ու կէս ժամ: Ծրագիրը ընթացաւ թատերական բեմադրութեան մը հիմքին վրայ, նուիրուած` Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, որուն անունը կը կրէ 80-ամեայ վարժարանը: Անիկա փակուեցաւ «Մեսրոպեան երգ»ով, կատարողութեամբ վարժարանի “Ծիծեռնակ” երգչախումբին, որ հնչեցուց նաեւ հայոց լեզուին ու Հայաստանին նուիրուած երգեր: Մուտքին, ցուցադրուեցան այս տարուան գլխաւոր նորութեան` ռոպոթիքսի խմբակի աշակերտներուն աշխատանքները: Մարմնամարզի մասով, աշակերտները ներկայացուցին ռիթմիկ շարժումներու եւ մարտարուեստի առանձին պատկերներ, մինչ պարային մասով հանդէս եկան լատինական ու ժամանակակից պարերու եւ պալէի խմբակներուն աշակերտները: Բեմ բերուեցաւ Մեսրոպեանի շահած` Լիբանանի վարժարաններու ճատրակի ախոյեանութեան բաժակը, որ երկրորդ տարին ըլլալով կը հանգրուանէր վարժարանէն ներս:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց արուեստի եւ մարմնամարզի խմբակներուն ուսուցիչներուն եւ կազմակերպիչներուն աշխատանքը՝ ամբող տարուան ընթացքին եւ ներկայացուած ելոյթի պատրաստութեան համար: Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց տիկին Սեդա Միմիտեանին եւ պարոն Քրիստ Ճանիքեանին, որոնք հսկեցին ու համակարգեցին այս արտադասարանային ծրագիրը: Պարոն Գալուստ գնահատեց ծնողներուն գիտակից մօտեցումը՝ զաւակներու գեղարուեստական դաստիարակութեան նկատմամբ, վստահեցնելով, որ Մեսրոպեանի ծառայութիւնները այս մարզին մէջ եւս տարուէ տարի պիտի զարգանան: “85-ամեակին, մենք բոլորս պիտի տեսնենք նոր Մեսրոպեան մը, որ, յենելով այսօրուան յաջողութիւններուն վրայ, պիտի ներկայանայ որպէս առաջնակարգ վարժարան` համալիբանանեան առումներով, շնորհիւ առընչակից կողմերու աշխատասիրութեան, նկատակասլացութեան, սիրոյն եւ նուրիրումին”, եզրափակեց պարոն Կրէկուար Գալուստ:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի