«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Հաշուեքննիչ դատարանի դատախազները յորդորած են, որ պետական պիւտճէի պակասուրդը դադրեցնելու համար, անհրաժեշտ է կասեցնել աւելի քան 40 աշխատողի աշխատավարձ։
Դատաւորներ Ֆաուզի Խամիս եւ Պասսամ Ուեհպէ Ուրբաթ օր միասնաբար հրապարակած են 11 որոշում, ներառեալ` վարչական զարգացման պետական նախարարի պաշտօնին աշխատող ինը աշխատակիցի աշխատավարձի կասեցումը, 26-ը` մասնագիտական եւ արհեստագիտական կրթութեան գլխաւոր տնօրինութեան, իսկ 7-ը Բարձրագոյն Կրթութեան Տնօրինութեան վերաբերեալ:
Ըստ աղբիւրին՝ դատախազը այժմ խորհրդարան պիտի ուղարկէ խնդրանք, որպէսզի իրականացուի ապօրինի վարձակալութեան հետաքննութիւն եւ ոեւէ նախարարի ներգրաւուած ըլլալու պարագային՝ «պատշաճ քայլեր ձեռնարկուին»:
Ելեւմուտքի եւ Պիւտճէի յանձնաժողովի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, որ հաշուետւութիւններուն մէջ խախտումներ յայտնաբերած էր, անցեալ ամիս յայտարարեց, որ ընդհանուր առմամբ 5,413 մարդ վարձատրուած է ապօրինի կերպով:
Դատական քննութիւնը կը շարունակուի պետական այլ հաստատութիւններու մէջ եւս: