Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ «Սաթամեան» թատերախումբի 40-ամեակ. «Փարատիսօ պանդոկը» հայ բեմին վրայ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ-ի «Արտաւազդ» (ներկայիս՝ «Սաթամեան») թատերախումբը այս տարի կը նշէ իր 40-րդ տարեդարձը։ Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ քառասուն տարի շարունակ յիսունէ աւելի ներկայացումներով բեմ բարձրանալը ինքնին արժանի է բարձր գնահատանքի։ Իսկ երբ այդ աշխատանքը մեծ մասամբ կը տարուի սիրողական դերասաններով, աւելի՛ կ՚արժեւորէ անոր գոյութիւնն ու նպատակը։

«Արտաւազդ» կամ «Սաթամեան» թատերախումբը լոսանճելըսահայութեան յայտնի է իր կատակերգութիւններով, զաւեշտներով, ֆարսերով։ Գրիգոր Սաթամեան հմուտ եւ տաղանդաշատ բեմադրիչ-արուեստագէտը կ՚ընտրէ այնպիսի թատերախաղեր, որոնք թէ՛ կը պատշաճին իր դերասանական կազմին (ի դէպ, անոնցմէ շատեր այլեւս հեռու են սիրողական կոչուելէ, եւ արժանի յաջորդներն են ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի շարքերէն անցած իւրնէշլեաններու, ֆազլեաններու, սողոմոնեաններու փաղանգին) եւ թէ՛ ալ գոհունակութիւն կը բերեն իր հանդիսատեսին։

Այդ կողմէն դիտուած, նման յաջողութեան մը ականատեսն ու ունկնդիրը հանդիսացանք, աւելի քան երկու ժամ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ վայելելով շուրջ քսանեակ մը դերասաններով համալրուած «Փարատիսօ պանդոկը» կատակերգութիւնը (հեղինակ՝ Ժորժ Ֆէյտօ եւ Մորիս Տեւալիէր, բեմադրիչ՝ Գրիգոր Սաթամեան)։

Նիւթը թեթեւ է, այո։ Երկու դրացիներու ամուսիններուն միջեւ անհասկցողութիւններ, ընկերային ու ընտանեկան վէճեր, սխալի ու սուտի վրայ հիմնուած պատումներ, չար զուգադիպութիւններ, որոնք կը զարգանան ու կը հասնին կատակերգութեան գագաթնակէտին։ Կ՚առաջարկենք թատրոն այցելել այս շաբաթավերջին եւ… թեթեւնալ։

Ինչպէս միշտ, բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան յաջողութեամբ կը պատշաճեցնէ նման կտորներ հայ բեմին համար։ Անցումները արագ էին, մերթ անսպասելի, աւելի հետաքրքրական դարձնելով խաղը։ Նշենք, թէ այս գործը գրուած է 1894-ին, ներկայացնելով այդ օրերու ֆրանսական առօրեան։ Եւ ինչպէս թատերագէտ Լեւոն Թորոսեան կը գրէ, այս կատակերգութեան «ամբողջ միտք բանին զուարճութիւն հայթայթել է հանդիսատեսներուն»։ Այդպէս ալ է՛։ Արամ Մուրադեան, Արփի Սամուէլեան, Նարինէ Աւագեան, Ռուբէն Հարմանտայեան եւ Ալեքս Խուրշիտեան խումբին կորիզն են, որոնց շուրջ գնահատելի են յարաբերաբար նորեկ դերասանները ու Երեւանէն ու Հալէպի ՀԲԸՄ-ի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբէն միացած արուեստագէտները։

Դրական փայլք մը տուին թատերախաղին ընթացքին եւ արարներու անցումներուն միջեւ դաշնամուրի կենդանի կատարումները՝ շնորհալի դաշնակահարուհի Օրդ. Նանօր Տէր Պետրոսեանի կողմէ։ 

Շնորհաւորելի են բոլորը անխտիր։ Կամաւորներ, թատերախումբի վարչութիւն՝ գլխաւորութեամբ Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանի, թեքնիք անձնակազմ, դերասանուհիներ ու դերասաններ եւ անշուշտ՝ Գրիգոր Սաթամեան, որուն անունին, անձին ու վաստակին շուրջ պտոյտ կու տայ այս թատերախումբը Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնէն ներս։  

Յաջորդ երկու ներկայացումները տեղի կ՚ունենան Յունիս 22-ին եւ 23-ին, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն, համապատասխանաբար ժամը 8։00-ին եւ 6։00-ին։ Հասցէ՝ 2495 E. Mountain St., Pasadena, CA 91104։

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին