Շաբաթ, 15 Յունիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ–Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ՝ վարժարանիս տնօրէնութեան, քոյր վարժարաններու տնօրէնութեան եւ ներկայացուցիչներու, ընկերային բարեսիրական եւ լրատուական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, պատուարժան հիւրերու, ինչպէս նաեւ վարժարանիս անձնակազմի անդամներու, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու:
Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներով, որոնցմէ ետք քսաներկու «Ծաղիկներ»-ը մուտք գործեցին սրահ ծնողներու բուռն ծափահարութիւններու ներքոյ եւ մեկնաբանեցին «Ծնողներու երգը», որմէ ետք հնչեցուցին «Հիլուա եա պալատի» երգը:
Ապա խօսք առաւ վարժարանիս վարչական մեծաւոր Պրն. Արամ Գարատաղլեան, որ ըսաւ. «Երեսուն տարիներ առաջ, 1989-ին, երեք տարեկան հասակիս, առաջին անգամ ըլլալով ելոյթ ունեցայ այս բեմին վրայ, որպէս այս վարժարնի բողբոջ դասարանի աշակերտ: Ամչկոտ, դողդոջուն ծունկերով, թերեւս ալ արցունքոտ աչքերով… Այսօր ձեր դիմաց ինքնավստահ կանգնիլս կը պարտիմ այս վարժարանին եւ յատկապէս այս մանկապարտէզին… Կրնայ ըլլալ այսօր Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի համեստ պատասխանատուներէն մէկն եմ, բայց կը մնամ յաւերժ անոր հպարտ շրջանաւարտը»:
Գարատաղլեան շարունակեց ըսելով. «Պատահական չէ, որ մեր մանկապարտէզի դասարանները կը կոչուին Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ, որովհետեւ անոնք են գարունը ոչ միայն վարժարանիս, այլ նաեւ գաղութին, երկրին ու ազգին… Հայկական վարժարանի մանկապարտէզը միակ տեղն է, ուր ձեր եւ մեր զաւակներուն փոքրիկ ձեռքերը կը սորվին հայերէն գրել, անոնց անուշ շուրթերը կը սորվին հայերէն աղօթել եւ արտասանել ու անոնց միտքերը կը լուսաւորուին հայկական գիտելիքներով եւ արժէքներով… »:
Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր այն անհատներուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք նեցուկ կանգնեցան վարժարանիս 2018-2019 դպրոցական տարեշրջանի ընթացքին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք նպաստեցին սոյն ձեռնարկի յաջողութեան: Գարատաղլեան նաեւ յայտնեց, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ունեցանք բարիքներով բեղուն տարի մը, շնորհիւ Աստուծոյ հովանիին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի հայրական խնամքին, ինչպէս նաեւ Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ. Ծ. Վ. Մուրատեանի գլխաւորած Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Վարժարաններու Վարչական Խորհուրդի ցուցմունքներուն եւ հետեւողութեան: Ան նաեւ բարձր գնահատեց վարժարանիս մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Լենա Տէրտէրեանը եւ իր ուսուցչակազմը, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին կարելին անկարելիին խառնելով փոքրիկներուն տուին լաւագոյնը:
Այնուհետեւ 22 «Ծաղիկներ»ը ստացան իրենց վկայականները ձեռամբ վրաժարանիս տնօրէն Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահի, Աքադեմական մեծաւոր Օրդ. Նելլի Տէր Ղազարեանի, Վարչական Մեծաւոր Պրն. Արամ Գարատաղլեանի եւ մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Լենա Տէրտէրեանի:
Յայտագրի երկրորդ բաժնով Ծաղիկ դասարանը սքանչելի կերպով ներկայացուց 20 վայրկեան տեւողութեամբ «Թզուկ-մզուկը» ներկայացումը, որ պատրաստուած էր ՀՀ Առաջին Տիկին՝ մանկագիր Տիկ. Նունէ Սարգիսեանի գրած հէքիաթին հիման վրայ: Ներկայացման բարոյախօսութիւնն էր. « Բարիները իրենց չարիք ընողներու բարիքով կը փոխադարձեն… իսկ բարին միշտ կը յաղթահարէ չարին»: Թատերախաղէն ետք Կոկոն դասարանը ելոյթ ունեցաւ հայկական պարով մը, որմէ ետք անոնք մեկնաբանեցին «Միլի եա ժաննաթ պլատի» եւ Շառլ Ազնաւուրի «Փուր թուա Արմենի» երգերը: Ապա Ծաղիկ դասարանը ներկայացուց «Պէլլա չաու» պարը: Բողբոջ դասարանը ելոյթ ունեցաւ «Թաքա թաքա» պարով, որմէ ետք Ծիլ դասարանը ներկայացուց «Պալքան» պարը: Այնուհետեւ Ծիլ եւ Բողբոջ դասարանները մեկնաբանեցին «Մէկ փոքրիկ աշխարհ» երգը, որմէ ետք Ծաղիկ դասարանը ներկայացուց «Պատնա նուալիի էլ ժաու»: Յայտագիրը փակուեցաւ բոլոր դասարաններու կատարողութեամբ «Հայաստան» երգով:
Աւարտին վարժարանիս տնօրէնութիւնը ծաղկեփունջերով պատուեց մանկապարտէզի ամբողջ անձնակազմը, որմէ ետք վարժարանիս տնօրէն Հայր Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ իր երախտագիտական խօսքը յայտնեց նախ Ամենակալ Աստուծոյ, ապա Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ–Հարպոյեան Վարժարանի մեծ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ ծնողներուն, որոնք իրենց ամենաթանկագինը վստահած են վարժարանիս, եւ երեկոն փակեց «Պահպանիչ»ով: