Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Հարիրի. Աշխատանքը Կեդրոնացած է Պիւտճէի Նախագիծին Մէջ Պակասուրդի Պահպանման Վրայ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Վարչապետ Սաատ Հարիրի, առաջին անգամ, Չորեքշաբթի օր, մասնակցած է ելեւմտական եւ պիւտճէի խորհրդարանական յանձնաժողովի նիստին, որ կը վերաբերէր 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծին:

«Խորհրդարանին մէջ ընթացք առած է դրական բանավէճ մը։ Մենք բոլորս պիւտճէի նախագիծին մէջ կ՝ուզենք պահպանել պակասուրդը` «Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) շուրջ 7.6 տոկոսի սահմաններուն»,- նիստէն ետք լրագրողներուն ըսաւ Հարիրին:

Ան նշեց, որ յանձնաժողովին այդ քայլը արդիւնք է տնտեսական այն բարդ իրավիճակին, ուր յայտնուած ենք մենք եւ ատիկա կը մղէ մեզ բարեփոխումները իրականացնելու։

Յիշեցնենք, որ յանձնաժողովը Յունիս 3-էն ի վեր պարբերաբար կը հանդիպի քննարկելու համար պիւտճէի նախագիծը, եւ արդէն իսկ հաստատած է շարք մը դրոյթներ, որոնք նախատեսուած են եկամուտներ ստեղծելուն եւ պակասուրդը նուազեցնելուն։

«Հիմք ընդունելով այն, ինչ ես տեսած եմ, յանձնաժողովն ու անոր ղեկավարը կ՝ուզեն պահպանել պակասուրդը (մօտ 7.6), եւ այնտեղ կատարուող աշխատանքները կեդրոնացած են անոր վրայ»,- ըսաւ Հարիրի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին