Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Նախագահեց Դպրեվանքի Ուսուցչաց Հանդիպումին

Չորեքշաբթի, 19 Յունիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն ներս տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի ուսուցչաց հանդիպումը կրթական տարեփակին առիթով: Բնականաբար, հանդիպման նպատակն էր ընդհանուր արժեւորումի ենթարկել Դպրեվանքի 2018-2019 կրթական տարեշրջանի ուսումնական աշխատանքը, աշակերտներու՝ դասարան առ դասարան եւ աշակերտ առ աշակերտ կատարած աշխատանքը եւ ապա ճշդել յառաջիկայ կրթական շրջանին ծրագիրին ու կատարուելիք աշխատանքին ընդհանուր ուրուագիծը:

Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով Դպրեվանքի ուսուցչական կազմը իր բարձր գնահատանքը փոխանցեց անոնց հայ ուսուցիչի յատուկ նուիրումով ու բծախնդրութեամբ կատարած իրենց կրթադաստիարակչական աշխատանքին համար: Ապա խօսելով Դպրեվանքին մասին Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ Դպրեվանքը սովորական դպրոց մը չէ իր կրթական ծրագիրով, իր միջավայրով եւ իր նպատակով: Ան վաղուան հոգեւորականի, ուսուցիչի, մտաւորականի հոգեմտաւոր կազմաւորման լծուած առաքելութիւն է: Այս մօտեցումով պէտք է ուսուցիչը կատարէ իր դերը Դպրեվանքէն ներս:

Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Դպրեվանքի ներքին կրթական կեանքին եւ արտադասարանային աշխատանքներուն առնչուած կարգ մը երեւոյթներու՝ կատարելով անհրաժեշտ թելադրութիւնները: Ան յատկապէս շեշտեց աշակերտին լեզուամտածողութիւնը, քննական ու վերլուծական մօտեցումը խորացնելու ու զարգացնելու կարեւորութիւնը: Միաժամանակ յիշեցուց Դպրեվանքի կրթական ծրագիրը վերատեսութեան ենթարկելու հրամայականը նոր ժամանակներու ու մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:

Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը իր աբեղայութեան տարիներէն սկսեալ մինչեւ այսօր, Դպրեվանքէն ներս եղած է ուսուցիչ: Ան այսօր եւս կը դասաւանդէ աստուածաբանութիւն Դպրեվանքի աւարտական դասարանին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին