«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Յունիս 19-ին, Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Վահագն Աթաբեկեան հանդիպում ունեցաւ՝ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկու երկիրներու վարչապետներու գլխաւորած՝ հայ-լիբանանեան միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքը, անոնք անդրադարձան յանձնաժողովի գործունէութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւններուն։