«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հնդկաստանի Պիհար նահանգի մէջ տաքի պատճառով 70 մարդ մահացած է: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ, այս մասին կը տեղեկացնէ չինական «Սինխուա» գործակալութիւնը: Օդերեւութաբանները կը տեղեկացնեն, որ օդի ջերմաստիճանը սովորականէն 5 աստիճան բարձր է:
Տաք եղանակը պիտի պահպանուի յառաջիկայ երկու օրերուն եւս: Օդերեւութաբաններու տուեալներով՝ Հնդկաստանի որոշ հատուածներուն մէջ օդի ջերմաստիճանը հասած է +48-ի, այլ շրջաններու մէջ՝ նոյնիսկ +50-ի: